Գերմանիա- («Indiatimes»-)- Գերմանիոյ, Քոլոնիա քաղաքին մէջ Նոր Տարոան գիշերը, գերմանացի կին մը սեռական բռնութեան եւ յարձակումի ենթարկուած էր, որուն որպէս պատասխան տեղական աւազակախումբեր ծրագրած են «օտրարազգիները» հետապնդելու հաւաքներ :Այս մասին տեղեկացնող «Indiatimes» կայքէջը կը գրէ նաեւ, որ շաբաթավերջին, քոլոնացիներէ բաղկացած աւզակախումբի յարձակման հետեւանքով վնասուած են 2 փաքիստանցի եւ մէկ սուրիացի փախստական մը:
Կայքէջը կը հաղորդէ, որ տասնեակ սեռական յարձակումներու տեսադաշտ դարձած Քոլոնիայի զոհերու թիւը աճ արձանագրած է եւ աւելի քան հարիւր կանայք այդ ուղղութեամբ բողոք ներկայացուցած են: Քոլոնիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ ներկայացուած 600-է աւելի բողաքագրեր մղած են ոստիկանութիւնը իրենց հետաքննութիւնը կեդրոնացնել ապաստան հայցող գաղթականներուն վրայ:
Կայքը կը նշէ, որ այս օրինազանցումները, սկսած գողութիւններէ՝ մինչեւ սեռական նեղութիւն պատճառելը, առաջ բերած է սուր բանավէճեր՝ Կանցլէր Անկէլա Մըրքըլի վարած՝ գաղթականներուն եւ փախստականներուն առջեւ «բաց դուռ ըլլալու» քաղաքականութեան դէմ, որ միայն անցած տարի արտօնած էր մէկ միլոնէն աւելին փախստականներու մուտքը՝ Գերմանիա:
Հակաիսլամ քաղաքական շարժում՝ PEGIDA- ան, որու համակիրները Շաբաթ օր նախքան ոստիկաներու կողմէ ցրուիլը՝ ապակեայ շիշեր եւ կրակէ պայթուցիկներ նետած էին Քոլոնիոյ մէջ հաւաքուած գաղթականներուն վրայ, որոշած են Երկուշաբթի երեկոյեան հանրահաւաք իրականցնել արեւելեան Գերմանիոյ Leipzig քաղաքին մէջ:
Քոլոնիոյ մէջ կանանց վրայ յարձակումները պատճառ դարձած են, որ օրինազանց գաղթականներու դէմ պատժական կանոնները խստացուին, աւելի հեշտ արտաքսման ենթարկուին, ինչպէս նաեւ ջանք գործադրել զօրացնելու անվտանգութեան հսկողութիւնը, հանրային վայրերու մէջ տեսահսկման խցիկներ տեղադրելով եւ մեծ թիւով ոստիկանական ուժերու կեդրոնացումով: