image

Գագիկ Ծառուկեան ԲՀԿ նախագահ ընտրուեցաւ

Գագիկ Ծառուկեան   ԲՀԿ  նախագահ ընտրուեցաւ

«Կարէն  Դէմիրճեանի  անուան մարզահամերգային համալիր»ին մէջ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան 9-րդ հերթական համագումարին ԲՀԿ նախկին նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ընտրուեցաւ կուսակցութեան նախագահ:  Այս  մասին լուր   փոխանպցեց «Ազատութիւն»   ռատիօկայանը  նշելով, որ Նայիրա Զոհրաբեան հրաժարական տուաւ ԲՀԿ նախագահի պաշտօնէն:

 

Վերջինս իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է կուսակիցներուն, որոնք հաւատարիմ մնացին` հաւատալով այս օրուան. «Յառաջիկայ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կարեւոր պիտի ըլլան, անոր քաղաքական արժէքը շատ բարձր պիտի ըլլայ: Պարոն Ծառուկեան, մենք կը կիսենք ձեր մեծ պատասխանատուութիւնը»։

 

Նշենք, որ Ծառուկեան ԲՀԿ նախագահի պաշտօնէն հրաժարական տուած էր 2015-ի Փետրուարին, իսկ 2016-ի աշնան կրկին վերադարձած էր քաղաքականութիւն: