«Կարէն Դէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիր»ին մէջ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան 9-րդ հերթական համագումարին ԲՀԿ նախկին նախագահ Գագիկ Ծառուկեան ընտրուեցաւ կուսակցութեան նախագահ: Այս մասին լուր փոխանպցեց «Ազատութիւն» ռատիօկայանը նշելով, որ Նայիրա Զոհրաբեան հրաժարական տուաւ ԲՀԿ նախագահի պաշտօնէն:
Վերջինս իր ելոյթին մէջ շնորհակալութիւն յայտնած է կուսակիցներուն, որոնք հաւատարիմ մնացին` հաւատալով այս օրուան. «Յառաջիկայ Ազգային ժողովի ընտրութիւնները կարեւոր պիտի ըլլան, անոր քաղաքական արժէքը շատ բարձր պիտի ըլլայ: Պարոն Ծառուկեան, մենք կը կիսենք ձեր մեծ պատասխանատուութիւնը»։
Նշենք, որ Ծառուկեան ԲՀԿ նախագահի պաշտօնէն հրաժարական տուած էր 2015-ի Փետրուարին, իսկ 2016-ի աշնան կրկին վերադարձած էր քաղաքականութիւն: