Երէկ Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ եղած բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուաներուն թիւը հասած է 60 -ի: Կը հաղորդուի, որ վիրաւորեալներուն մեծ մասը փոխադրուած են «Գրիգոր լուսաւորիչ» հիւանդանոց: Ըստ հիւանդանոցի տնօրէնութեան վիրաւորեալներուն մեծ մասին վիճակը կը գնահատուի բաւարար: Կան 2 վիրաւորներ, որոնց վիճակը կը շարունակէ մնալ ծանր: Յիշեցնենք, որ երէկ բժնութոիւն կիրառուած էր տարբեր կայաններու ներկայացուցիչ լրագրողներու դէմ: Մինչ Հայսատանի ՄԻՊ-ը ոստիկանութիւնէն պահանջած է յստակեցումներ տալ լրագրողներուն դէմ եղած բռնութեան մասին, անդին ոստիկանութեան բանբեր Աշոտ Ահարոնեան յայտնած է, որ արագօրէն քննութիւն պիտի բացուի երէկ գրանցուած դէպքերուն շուրջ: Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին ոստիկանական բաժանմունք տարուած են 150-Է աւելի ցուցարարներ: