image
Հրատապ լուրեր:

Երէկուան բախումներուն արդիւնքով վիրաւորներուն թիւը հասած է 60-ի.Անոնցմէ 2-ին վիճակը ծանր է

Երէկուան բախումներուն արդիւնքով վիրաւորներուն թիւը հասած է 60-ի.Անոնցմէ 2-ին  վիճակը    ծանր է

Երէկ   Ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ   եղած  բախումներուն հետեւանքով վիրաւորուաներուն թիւը հասած է  60 -ի:  Կը  հաղորդուի, որ վիրաւորեալներուն   մեծ մասը փոխադրուած են «Գրիգոր լուսաւորիչ» հիւանդանոց: Ըստ հիւանդանոցի տնօրէնութեան  վիրաւորեալներուն մեծ մասին վիճակը կը  գնահատուի բաւարար: Կան    2 վիրաւորներ, որոնց վիճակը  կը շարունակէ մնալ ծանր: Յիշեցնենք,  որ երէկ  բժնութոիւն  կիրառուած էր             տարբեր կայաններու ներկայացուցիչ լրագրողներու դէմ: Մինչ Հայսատանի ՄԻՊ-ը ոստիկանութիւնէն      պահանջած է յստակեցումներ տալ  լրագրողներուն դէմ եղած բռնութեան մասին, անդին   ոստիկանութեան   բանբեր Աշոտ Ահարոնեան յայտնած է, որ արագօրէն քննութիւն պիտի բացուի երէկ    գրանցուած  դէպքերուն շուրջ: Նշենք, որ երէկ տեղի ունեցած   բախումներու ընթացքին  ոստիկանական բաժանմունք տարուած են  150-Է   աւելի ցուցարարներ: