image
Հրատապ լուրեր:

Երէկ երեկոյ կառավարութեան առանձնատան մօտ քաշքշուք եւ .. բերման ենթարկուածներ

Երէկ երեկոյ կառավարութեան առանձնատան մօտ քաշքշուք եւ  .. բերման ենթարկուածներ

Երէկ երեկոյեան, կառավարական առանձնատան մօտ բողոքի արշաւ տեղի ունեցած է՝ ի աջակցութիւն սիւնեցիներու, որոնց Փաշինեանը սպառնացած էր պատժել:

Կառավարական առանձնատան մօտ վիճակը լարուած է, ոստիկաններու եւ արշաւի մասնակիցներու միջեւ հրմշտոց եւ քաշքշուկ սկսած է,  երբ հաւաքի մասնակիցները հաւկիթներ շպրտած են կառավարական առանձնատան ուղղութեամբ:

Ոստիկանները արագ մտած են բազմութեան մէջ, որպէսզի բերման ենթարկեն հաւկիթները նետողները, հաւաքուածները փորձած են թոյլ չտալ, որ բերման ենթարկեն մարդոց, որու հետեւանքով սկսած է քաշքշուկը: Կարմիր բերետաւորները, այդուհանդերձ, յաջողած են ոմանց մտցնել ոստիկանական մեքենայ: Հաւաքուածները շրջապատած են ոստիկանական մեքենան եւ պահանջած են ազատ արձակել մէջը գտնուողները: Սակայն ոստիկանական մեքենան կրցած էր դուրս գալ տարածքէն:

Նշենք, որ քաշքշուկի ժամանակ այդ տարածքով անցնող մեքենաները ազդանշաններով աջակցութիւն յայտնած էին հաւաքուած քաղաքացիներուն: