image

Հերթական անգամ Դաշնակցական երիտասարդներ բերման ենթարկուեցան

Հերթական անգամ Դաշնակցական երիտասարդներ բերման ենթարկուեցան

 Բողոքի խաղաղ ցոյց կատարելու ժամանակ ՀՅԴ երիտասարդականի անդամներ այսօր բերման ենթարկուած են։

 Այս մասին  տեղեկութիւնը տարածուած է նաեւ ՀՀ ոստիկանութիւնը, որուն հաղորդմամբ երիտասրդները խախտած են ոստիկաններու    իրաւական   հրամաննները  չկատարելու  պահանջը։

 Ըստ  տարբեր աղբիւրներու բերման ենաթրկուած երիտասարդներու թիւը հասած է 16-ի։

 Նշենք նաեւ, որ ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամներ երէկուընէ ի վեր Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պատասխանատուին Հայաստան  տուած այցին առթիւ բողոքի խաղաղ հաւաքներ կատարած էին, յիշեցնելով, որ Արցախեան պատերազմի ողջ տեւողութեան Եւրոպական մարմիններ ոչին ըրին Հայաստանի ու Արցախի համար եւ  ներկայ փուլին ժողովրդավարական ընկալումներու մասին «գայլի աւետարան» կը կարդան։

 

 

 Ինչպէս տարբեր առիթներով,  շատ հաւանական է, որ բերման ենթարկուած ՀՅԴ երիտասրդները, այսօր աւելի ուշ ազատ արձակուին։