image
Հրատապ լուրեր:

Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնէն ներս գտնուող զինեալները ոստիկանական կառք մը հրդեհած են (Տեսանիւթ)

Էրէբունիի ՊՊԾ     կեդրոնէն ներս   գտնուող  զինեալները  ոստիկանական  կառք մը  հրդեհած են (Տեսանիւթ)

Ըստ ՀՀ ոստիկանութեան կայքին, Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնէն ներս գտնուող զինեալները  ոստիկանութեան պատկանող կառք մը հրդեհած են:  Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ  զինեալները, կառքը հրկիզելէ ետք զայն դուրս մղած են     զօրակայանի  մօտ եղող  տարածք: Ոստիկանութիւնը  կոչ   ըրած  է  զինեալներու խուսափիլ    հանրութեան վնաս  պատճառող  եւ լարուածութեան   աճին ծառայող արարքներէ: Նշենք, որ      այս պահուն  հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ Խորենացի փողոցին մէջ: