Ըստ ՀՀ ոստիկանութեան կայքին, Էրէբունիի ՊՊԾ կեդրոնէն ներս գտնուող զինեալները ոստիկանութեան պատկանող կառք մը հրդեհած են: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ զինեալները, կառքը հրկիզելէ ետք զայն դուրս մղած են զօրակայանի մօտ եղող տարածք: Ոստիկանութիւնը կոչ ըրած է զինեալներու խուսափիլ հանրութեան վնաս պատճառող եւ լարուածութեան աճին ծառայող արարքներէ: Նշենք, որ այս պահուն հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ Խորենացի փողոցին մէջ: