image

Եգիպտացի Երեսփոխանը Կօշիկով Հարուածեց Իր Գործընկերոջ (Տեսանիւթ)

Եգիպտացի Երեսփոխանը Կօշիկով  Հարուածեց  Իր  Գործընկերոջ (Տեսանիւթ)

Եգիպտոս- («Ալ-ժատիտ»- Պէյրութ)- Եգիպտացի երեսփոխան Քամալ Ահմէտ կիրակի օր  իր կօշիկով  հարուածած է իր պաշտօնակից Թաուֆիք Աքքաշային , բողոքելով Իսրայէլի դեսպանին հետ անոր ունեցած հանդիպման դէմ: Այս մասին կը գրէ «Ալ-ժատիտ», նշելովՙ որ այս հանդիպումը զայրոյթ բարձրացուցած էր խորհրդարանի երեսփոխաններուն մօտ, որու համաձայն որոշուած էր Աքքաշային դէմ  խորհրդարանական յանձնաժողովի հետաքննութիւն սկսիլ, անոր կողմէ «Խորհրդարանին եւ ժողովուրդին հասցէին վիրաւորական» համարուող յայտարարութիւններուն համար: Երեսփոխան Աքքաշան, որ  վիճայարոյց մօտեցումներով յայտնի հեռուստատեսութեան հաղորդավար է, եւ ծանօթ է իր դաւադրական տեսութիւններու որդեգրմամբ, չորեքշաբթի օր իր տան մէջ ընդունած էր Գահիրէի մէջ Իսրայէլի դեսպան Հային Քորէնը , ինչը վրդովմունք պատճառած էր իր գործընկերներուն մօտ: Իր հերթին Իսրայէլի դեսպանութիւնը հանդիպման յաջորդ օրը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ մը, ուր կ'ըսուի, թէ հանդիպումը «շատ յաջող» ընթացած էր եւ տեւած էր «աւելի քան երեք ժամ», նշելով, որ «երկու կողմերը համաձայնած են շարունակել հանդիպումները եւ համատեղ համագործակցութիւնը»: Միւս կողմէ Աքքաշա յայտարարած է, որ հանդիպման ընթացքին «համաձայնած են, որ Իսրայէլը որոշիչ կարեւոր դեր խաղայ  «Նահտա»  ջրամբարի կառուցման հարցին մէջ, որ կը կառուցուի Եթովպիոյ կողմէ Նեղոս գետին  վրայ, եւ որու շուրջ Եգիպտոս մտավախութիւններ ունի, թէ կառուցուող ջրամբարը կրնայ գետի ջուրի իր մասնաբաժնի նուազեցման յանգեցնել :

Աքքաշային հարուածող երեսփոխան Քամալ Ահմէտ ըսած է «Ես իմ արարքով եգիպտացի ​​ժողովուրդի կարծիքը յայտնեցի, եւ այդ կօշիկի ուղղուած էր ոչ թէ միայն Աքքաշայի երեսին, այլ՝  Քնեսեթին եւ սիոնիստական ​​կազմակերպութեան»:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Աքքաշայի պատիժը կրնայ հասնիլ մինչեւ անոր խորհրդարանի անդամակցութեան յետս կոչուիլը, որովհետեւ  կառուցուելիք ջրամբարին  շուրջ անոր մեկնաբանութիւնները «ազգային անվտանգութեան     դէմ  եղող   մօտեցումներ են»: Տեսանիւթը    դիտելու համար  սեղմել  ՝ այստեղ: