image

Ազրպէյճանը կրակ բացած է հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ. Գնդակոծուած է Տաւուշի մարզի գիւղերէն մէկը

Ազրպէյճանը կրակ բացած է հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ. Գնդակոծուած է Տաւուշի մարզի գիւղերէն մէկը

Ազրպէյճանը, հայկական բանակի դիրքերու եւ ՀՀ Տաւուշի մարզի գիւղերէն մէկուն ուղղութեամբ հրաձգային զէնքէ կրակ բացած է։ Ըստ Sputnik Արմէնիայի, այս մասին յայտնած է ՊՆ մամուլի քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեան:

Ան նշած է, որ ազրպէյճանական ԶՈւ-ն կրակ բացած է հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Կրակի տակ մասամբ յայտնուած է Տաւուշի մարզի գիւղերէն մէկը:

«Մասնաւորապէս կիրառուած է հրաձգային զէնք»,- ըսած է Յովհաննիսեանը, որուն հաւաստիացումով տուժածներ չկան:

Ըստ Յովհաննիսեանի` հայ-ազրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը այժմ հանգիստ է: