image

Արարատի նորանշանակ մարզպետը վթարի ենթարկուած է. shamshyan.com

Արարատի նորանշանակ մարզպետը վթարի ենթարկուած է. shamshyan.com

Այսօր Ժամը 08։50-ի շուրջ, Երեւան-Երասխաւան ճանապարհին 27-րդ քմ հատուածին վրայ, 4 ինքնաշարժ մեքենաներ իրար բախուած են։ Այս մասին կը յայտնէ shamshyan.com կայքը։

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ վթարի հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Դէպքի վայր գտնուողներու հաղորդմամաբ, ինքնաշարժներէն մէկը՝ Toyota մակնիշի, կը պատկանի Արարատի նորանշանակ մարզպետ Արամայիս Գրիգորեանին եւ վթարի պահուն ան եղած է մեքենայի մէջ: