image

Կալանքի տակ գտնուող Արմէն Չարչեան վիրահատութեան ենթարկուած է

Կալանքի տակ գտնուող  Արմէն Չարչեան վիրահատութեան ենթարկուած է

««Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի ղեկավար, փրոֆեսոր Արմէն Չարչեանը երէկ բժշկական միջամտութեան է ենթարկուել», այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ անոր փաստաբան՝ Արամ Վարդեւանեան։

 

«Վիրահատական միջամտութիւն է տեղի ունեցել սրտի վիճակի ստենտերի ուսումնասիրման նպատակով, ընդհուպ, անեսթեզիայի (անզգայացում) միջոցով է դա արուել», - ըսաւ փաստաբանը։

 

Վարդեւանեան նշեց, որ առողջական վիճակի նման զարգացումները յաջորդած են Չարչեանի կալանաւորման որոշման։

 

«Ես իսկապէս յոյս ունեմ, որ, ի վերջոյ, որոշակի սահմաններ կան, որ իրաւապահները, քրէական հետապնդման մարմինները չեն անցնի, ես չեմ կարծում, որ առողջական վիճակի քայքայումն է ելակէտը որեւէ իրաւապահ մարմնի», - նշեց Չարչեանի փաստաբանը։