Այսօր Ժամը 08։50-ի շուրջ, Երեւան-Երասխաւան ճանապարհին 27-րդ քմ հատուածին վրայ, 4 ինքնաշարժ մեքենաներ իրար բախուած են։ Այս մասին կը յայտնէ shamshyan.com կայքը։
Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ վթարի հետեւանքով զոհեր եւ վիրաւորներ չկան։ Դէպքի վայր գտնուողներու հաղորդմամաբ, ինքնաշարժներէն մէկը՝ Toyota մակնիշի, կը պատկանի Արարատի նորանշանակ մարզպետ Արամայիս Գրիգորեանին եւ վթարի պահուն ան եղած է մեքենայի մէջ: