Թալանի նպատակով յարձակման ենթարկուած սուրիահայ Ճօրճ Սարգիսեանը սպաննուած է։ Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, թէ Ճորճ Մահրատա շրջանի բանակիչներէն է, յարձակման ենթարկուած է անծանօթներու կողմէ, որոնք փորձած են թալանել ու ապա կրակ բանալով տեղւոյն վրայ սպաննած են հայորդին։
Կը նշուի նաեւ, որ դէպքը պատահած է Սըքըլպիա շրջանին մէջ, որ կը գտնուի Համա քաղաքի հարեւանութեամբ։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ այսօրուան դրութեամբ Մահրատայի մէջ կ՚ապրին հայ ընտանիքներ, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կայք հաստատած են այդ շրջաններուն մէջ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ հայազգի երիտասարդին թաղման կարգն ու յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցած են շրջանին մէջ գործող յոյն ուղղափառներու պատկանող եկեղեցւոյ մը մէջ։