image

Վրաց-ռուսական սահմանին հայ վարորդ չէ սպաննուած. ԱԳՆ

Վրաց-ռուսական սահմանին հայ վարորդ չէ սպաննուած. ԱԳՆ

«Միջադէպի մասին  տեղեկութիւնները չեն հաստատուած: Վրաստանի մէջ մեր դեսպանատունը, Ռոսթովի մէջ մեր հիւպատոսութիւնը կապ հաստատած են տեղի պատկան մարմիններուն հետ, եւ վերջիններս չեն հաստատած այդ  տեղեկութիւնները, մասնաւորապէս այն, որ ընդհանրապէս միջադէպ տեղի ունեցած է ազգային հողի վրայ»,- այս մասին SHANTNEWS.am-ին պարզաբանած է ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեանը՝ անդրադառնալով տարածուած տեղեկութիւններուն, թէ վրաց-ռուսական սահմանին թուրք վարորդի կողմէ, ենթադրաբար, հայ վարորդ սպաննուած է։

Ինչպէս աւելի վաղ տեղեկացուցած էինք՝ վրաց-ռուսական սահմանին բեռնատարներու վարորդներու միջեւ բախում տեղի ունեցած է, որու հետեւանքով մէկ մարդ մահացած է, յայտնած է «360» հեռուստաալիքը:

Ըստ աղբիւրի՝ բեռնատարներէն մէկու վարորդը, ենթադրաբար, ազգութեամբ թուրք, սպանած է հայ վարորդը: