7 Թուրք զինուորներ սպաննուած են Իրաքի հիւսիսային Մեթին շրջանին մէջ քիւրտերու հետ տեղի ունեցած բախումներուն ընթացքին։
Այս մասին լուրը տարածած է «Ահվալ» կայքը նշելով, որ թուրք զինուորները սպաննուած են «Ազատ կանանց ջոկատ»ի (OSZH-Star) միջոցաւ տեղի ունեցած գործողութեան հետեւանքով։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ ներկայացնելով աղբիւրը նաեւ նշած է, որ գործողութիւնը եղած է Մեթին շրջանի Քորդինա բլուրին տեղակայուած թրքական բանակի զօրակայանին դէմ։