image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկացիք կ՚ուզեն «թաղե՞լ» պաղեստինեան հարցը

Ամերիկացիք կ՚ուզեն «թաղե՞լ» պաղեստինեան հարցը

Իսրայէլեան երկրորդ հեռուստակայանը յայտնած է, որ ԱՄՆ գաղտնի նախագիծ կը մշակէ պաղեստինցի գաղթականներու խնդիրին լուծում տալու համար:

Աղբիւրը նշած է, որ ամենայն հաւանականութեամբ, Թրամբի վարչակազմը նոր նախագիծի մասին պիտի յայտարարէ յառաջիկայ ամսուան սկիզբը:

Հեռուստակայանին ձեռք բերած տուեալներուն համաձայն, Թրամբ դադրեցնել պիտի տայ ամերիկեան օժանդակութիւնները, որոնք կը յատկացուին «UNRWA»ի կողմէ Արեւմտեան Ափին տրամադրուելու համար, միաժամանակ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելով ստիպել վերջինիս խստացնել այլ երկիրներու կողմէ նշեալ կազմակերպութեան տրամադրուող աջակցութիւնը հասանելի դարձնել պաղեստինցիներուն:

Աղբիւրը յայտնած է նաեւ, որ Թրամբ կը պատրաստուի ներկայիս փախստականի կարգավիճակ վայելող պաղեստինցիներու միայն 10 տոկոսը ճանչնալ որպէս փախստական: Այլ Խօսքով, աշխարհի տարբեր երկիրներ ապաստանած 5 միլիոն պաղեստինցիներէն միայն կէս միլիոնը պիտի ճանչցուի որպէս փախստական: