image

Պաղեստինեան կրակներու հետեւանքով Թէլ Աւիւի մէջ աւերածութիւններ (Լուսանկարներ)

Պաղեստինեան կրակներու հետեւանքով Թէլ Աւիւի մէջ աւերածութիւններ (Լուսանկարներ)

 

Իսրայէլի մեծութեամբ երկրորդ քաղաքը՝ Միջերկրական ծովու արեւմտեան ափին փռուած գեղեցկուհի Թէլ Աւիւը, որ Իսրայէլի տնտեսական եւ մշակութային կեդրոնն է, երէկուընէ կ'ենթարկուի ծանր հրթիռակոծութեան՝ պաղեստինեան ուժերու կողմէ:

 

Հրթիռակոծուող հատուածին մէջ հսկայական աւերածութիւններ են, կան մարդկային կորուստներ, վիրաւորներ, զգալի նիւթական վնաս:

Թէլ Աւիւի մօտ գտնուող Իսրայէլի միջազգային «Պըն Կուրիոն» օդակայանը դադրեցուցած է թռիչքները, այնտեղ ուղեւորուող բոլոր օդանաւերը փոխած են ուղղութիւնը դէպի Կիպրոսի օդակայան: Պաղեստինեան ուժերը թիրախաւորած են «Պըն Կուրիոն»  օդակայանը:

Գիշերուան ընթացքին քաղաքը հրթիռային հարուածներ ստացած է մի քանի անգամ: