image

Զելենսքի կ՚ակնկալէ Ալիեւի օգնութիւնը

Զելենսքի կ՚ակնկալէ Ալիեւի օգնութիւնը

Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովի շրջածիրէն ներս Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին հանդիպած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, հաղորդած է President.gov.ua-ն։

Զելենսքին շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան հետեւողական աջակցութեան, միջազգային կազմակերպութիւններու շրջագիծէն ներս աջակցութեան համար, մասնաւորապէս՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վեհաժողովի բանաձեւի օգտին քուէարկութիւններու ժամանակ: Ան յայտնած է Ատրպէյճանի կողմէ ցուցաբերուած բազմակողմանի մարդասիրական օգնութեան մասին։

«Մենք բարձր կը գնահատենք Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը Քիեւի մէջ ենթակառուցուածքային կառոյցներու վերականգնման։ Ուքրանիոյ հետագայ վերականգնման հարցով օգնութիւն կ'ակնկալենք։ Յետպատերազմեան շրջանին մենք կ'ակնկալենք Ատրպէյճանի աշխուժ մասնակցութիւնը Ուքրանիոյ մէջ ներդրումային նախագիծերուն»,-ըսած է ան։

Զելենսքին նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ատրպէյճանն աշխուժօրէն կը ներգրաւուի Ուքրանիոյ նախաձեռնութիւններուն աջակցելու հարցով՝ կայուն եւ արդար խաղաղութեան հասնելու համար եւ խաղաղութեան ուքրանական բանաձեւի հիման վրայ: