Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումը կրնայ կայանալ երկու շաբթուան ընթացքին։ Այս մասին ան ըսած է Սպիտակ տան մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին, որու տեսանիւթը տարածած է Forbes Breaking News-ը։
«Երկու շաբթուան ընթացքին կամ մօտաւորապէս այդքան, բաւական շուտ։ Մարքօ Ռուպիոն պիտի հանդիպի իր պաշտօնակցի՝ Լաւրովի հետ։ Եւ անոնք բաւական շուտ պիտի հանդիպին։ Անոնք շատ շուտով պիտի նշանակեն իրենց հանդիպման օրն ու վայրը։ Թերեւս ալ արդէն որոշուած է։ Անոնք արդէն խօսած են», - նշած է Թրամփը։
Ան աւելցուցած է, որ Փութինի հետ հոկտեմբեր 16-ին կայացած հեռախօսազրոյցը շատ արդիւնաւէտ եղած է։ Թրամփ յիշեցուցած է հոկտեմբեր 17-ին Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հետ իր հանդիպման մասին՝ նշելով, որ անոր պիտի յայտնէ Փութինի հետ զրոյցի մանրամասնութիւնները։
ԱՄՆ նախագահը յոյս յայտնած է, որ ռուս-ուքրանական հակամարտութիւնը պիտի դառնայ իր դադրեցուցած 9-րդ պատերազմը։
Ան նաեւ նշած է, որ օգոստոսին Ալասքայի մէջ Փութինի հետ հանդիպումը նախապայմաններ ստեղծած է երկրորդ հանդիպման համար։
Թրամփ նշած է, որ Փութինի հետ իր հանդիպումը պիտի կայանայ Հունգարիոյ մէջ։
«Հունգարիոյ մէջ արդէն ստեղծուած է կազմակերպչական կոմիտէ՝ երկու առաջնորդներու այցերը նախապատրաստելու համար,....Ռուպիոն եւ Լաւրովը պիտի փորձեն լուծել մնացած հարցերը մէկ շաբթուան ընթացքին, իսկ յետոյ՝ մէկ շաբաթ անց, անոնք պիտի կարողանան գալ այստեղ՝ Պուտափեշթ»,- յայտարարած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը։