Լիբանան- Ծանր եւ մտահոգիչ զարգացումներ կը գրանցուին Պէյրութի մէջ: Ցուցարարներուն եւ բողոքի հաւաք կատարողներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումները տարածուած են մայրաքաղաքի գլխաւոր թաղամասերուն մէջ: Լիբանանի «Կարմիր Խաչ Կազմակերպութեան» բանբեր՝ Ժորժ Քըթանէ խօսելով ընդհանուր իրավիճակին մասին յայտնած է, թէ 45 վիրաւորեալներ հիւանդանոց տարուած են: Կը հաղորդուի նաեւ, որ գլուխէն փամփուշտ ստացած քաղաքացի մը ծանրօրէն արիւնահոսելէ ետք տարուած է հիւանդանոց եւ անոր վիճակը չափազանց ծանր է: Նշենք, որ բողոքի հաւաքը կազմակերպող մարմինը ցուցարարներուն խորհուրդ տուած էր հեռանալ Պէյրութի կեդրոնական փողոցներէն: