image

Կորուստ, որ ցնցեց Հալէպը. Շանթ Պէրպէրեանը՝ հրդեհի զոհ

Կորուստ, որ ցնցեց  Հալէպը. Շանթ Պէրպէրեանը՝  հրդեհի  զոհ

 «Արեւելք» (Հալէպ)-  Սուրիոյ ամբողջ պատերազմի դառնաղէտ օրերն ու ժամանակները ապրած ու սուրիական բանակին մէջ հաւատարմօրէն ծառայած հայորդի  Շանթ Պէրպէրեան զոհ գացած է տխուր արկածի մը։

Շանթի ճակատագրին մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հալէպեան իր աղբիւրներէն։

 

Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ երկար ժամանակէ ի վեր իբրեւ քարոզիչ Գամիշլի գտնուող Շանթ Պէրպէրեան խնճոյքի մը պատրաստուելու պահուն հրդեհէ մը փրկուած է ու ապա բուժման համար փոխադրուած Հալէպ։

Մասնաւորապէս կը պատմուի, որ խորովածի պատրաստութեան պահուն հրդեհը տարածուած է նաեւ Շանթի հագուստներուն վրայ ու ան ծանր մակարդակի վիրաւորում ստացած է։

Բժիշկներ մեծ ջանք գործադրած են փրկելու համար վերջինիս կեանքը, սակայն չեն յաջողած։

Ան իր աչքերը յաւերժին փակած է Հալէպի «Ռազի» հիւանդանոցին մէջ՝ շրջապատուած հարազատներով ու սիրելիներով ու ապա հոգեհանգստեան արարողութիւնէն ետք թաղուած է Հալէպի Ազգ. Գերեզմանատան մէջ։

Զինք ճանչցող շրջանակներուն համար Շանթին կորուստը մեծ ցնցում առաջացուցած է, անոր յիշատակը միշտ վառ կը մնայ:  

 

Նշենք նաեւ, որ մեր հայրենակիցը նշանուածի կարգավիճակ ունէր, կը պատրաստուէր գաղթել  Միացեալ Նահանգներ, սակայն ճակատագրի սեւ խաղը վերջակէտ մը կը դնէր իր նպատակներուն։

Շանթ, որ ունէր աստուածաբանական թեմաներու շուրջ լուրջ հետաքրքրութիւն, վերջին տարիներուն որպէս քարոզիչ կը ծառայէր Գամիշլիի արաբ Աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ։

Հոգիին լոյս եւ մխիթարութիւն իր սիրելեաց եւ հարազատներուն։