image

Հալէպի մէջ. Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը եւ տնօրէնութիւնը այցելեցին Առաջնորդ սրբազան հօր

Հալէպի մէջ. Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը եւ  տնօրէնութիւնը այցելեցին Առաջնորդ սրբազան հօր

Օրերս, վերամուտի սեմին, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը եւ  տնօրէնութիւնը այցելութիւն տուած են Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ.

Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Ազգ. Միացեալ Վարժարանի Հոգաբարձութիւնը, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարանի տնօրէնուհին եւ Ազգային Մանկապարտէզի մանկապարտիզպանուհին այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ տիար Վաչէ Ճուհարեան։

Մտերմիկ հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ վարժարանի 2024-2025 տարեշրջանի վերապատրաստական աշխատանքներուն մասին։ Հոգաբարձութեան ատենապետ տիար Մինաս Մինասեան հրաւիրեց Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու նախակրթարանի եւ մանկապարտէզի վերամուտի հանդիսաւոր նշումին։

Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, գնահատեց վարժարանի հոգատարութեան աչալրջօրէն հետամուտ եղող հոգաբարձութիւնն ու տնօրէնութիւնը եւ բարեյաջող ու արդիւնաւէտ տարեշրջան մաղթեց։