13 հոկտեմբերին Պելժիոյ թագաւորութեան մէջ պիտի կայանան Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու (ՏԻՄ) ընտրութիւնները։ «Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով՝ ընտրութիւններուն կը մասնակցին շարք մը հայ թեկնածուներ՝ Անթրվէրպեն քաղաքին մէջ, որ Պրիւքսելէն ետք երկրորդ քաղաքն է եւ ունի 600 000 բնակիչ։
Թեկնածուներէն Շահնուր Մինասեանը ընտրութիւններուն կը մասնակցի Էն. Վէ. Ա. կուսակցութեան կողմէ, որպէս հայ ազգի թեկնածու։
Ան քաղաքական, հասարակական, նաեւ մշակութային ու ազգային ոլորտներու մէջ բաւական հարուստ գործունէութիւն ունի եւ այս անգամ ըլլալով հայ ազգի միակ թեկնածուն, լուրջ հնարաւորութիւն ունի յայտնուելու Անթրվէրպենի քաղաքային խորհուրդին մէջ։
Շահնուր Մինասեան Էն. Վէ. Ա. կուսակցութեան քաղաքային ցուցակին մէջ կը գրաւէ 27-րդ տեղը եւ շրջանային ցուցակին մէջ՝ 14-րդը։
«Յուսանք հայ համայնքի համախմբուելու ջանքերը զուր չեն անցնիր, եւ կը կարողանանք յաղթանակ նշել»,-ըսաւ Մինասեան նշելով, որ «պայքարը բաւականին թէժ պիտի ըլլայ»։
Ինչպէս լուսաբանեց Մինասեան, Էն. Վէ. Ա. կուսակցութիւնն իշխող է, բայց ի զարմանս շատ շատերու, ընտրութիւններուն իր թուաքանակով երկրորդ տեղը կը զբաղցնէ Կոմունիստական կուսակցութիւնը, որ «Աշխատաւորական կուակցութիւն» կը կոչուի, բայց իրենք կոմունիստ-մարքսիսթներ են։
Այսինքն, ընտրական պայքարը պիտի երթայ բաւականին աջակողմեան եւ իրենց ազգային թեմաներով յայտնի Էն. Վէ. Ա. կուսակցութեան եւ Կոմունիստական կուսակցութեան միջեւ։