image

Իրաքի մէջ. Աւզրուկ գիւղի վարչութեան շէնքին բացման արարողութիւնը (Լուսանկարներ)

Իրաքի մէջ. Աւզրուկ գիւղի վարչութեան շէնքին բացման արարողութիւնը (Լուսանկարներ)

Իրաքի մէջ, օրերս, ձեռամբ Իրաքահայ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանի, տեղի ունեցած է Աւզրուկ գիւղի վարչութեան շէնքի՝ Թաղական խորհուրդի գրասենեակի բացման արարողութիւնը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Ուրբաթ 6 Սեպտեմբեր 2024-ին, ձեռամբ Իրաքահայ թեմի բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական եպիսկոպոս Կիւլկիւլեանի՝ տեղի ունեցաւ Աւզրուկ գիւղի վարչութեան շէնքի բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ եղան՝ Զախոյի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Յակոբոս քահանայ Իսահակեանը, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Պրն. Կարապետ Գալուստեանը, Էրպիլի, Տհօքի, Զախոյի, Հաւրէզքի եւ Աւզրուկի Թաղական խորհուրդի ատենապետներն ու անդամները, գիւղին մուխթարը (գիւղապետը) եւ բնակիչները։