image

Ծանր Զարգացումներ Պէյրութի Մէջ. Արձանագրուած Են 45 Վիրաւորներ (Լուսանկարներ)

Ծանր  Զարգացումներ Պէյրութի Մէջ.  Արձանագրուած  Են  45  Վիրաւորներ    (Լուսանկարներ)

 Լիբանան-  Ծանր     եւ մտահոգիչ զարգացումներ կը  գրանցուին Պէյրութի  մէջ:  Ցուցարարներուն եւ   բողոքի  հաւաք կատարողներուն միջեւ տեղի ունեցած բախումները տարածուած են  մայրաքաղաքի      գլխաւոր թաղամասերուն մէջ:   Լիբանանի  «Կարմիր Խաչ Կազմակերպութեան» բանբեր՝ Ժորժ Քըթանէ     խօսելով ընդհանուր իրավիճակին մասին  յայտնած է, թէ   45   վիրաւորեալներ  հիւանդանոց տարուած են:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ   գլուխէն  փամփուշտ ստացած քաղաքացի մը ծանրօրէն արիւնահոսելէ ետք տարուած  է հիւանդանոց եւ անոր  վիճակը չափազանց  ծանր է: Նշենք, որ      բողոքի հաւաքը կազմակերպող մարմինը   ցուցարարներուն    խորհուրդ  տուած էր հեռանալ  Պէյրութի  կեդրոնական փողոցներէն: