Երկու ընկերուհիներու միջեւ սրտաբաց ու ջերմ խօսակցութիւն մը կ՚ընթանար։ Երիտասարդուհին կը գովերգէր իր սիրած երիտասարդին արտաքին վայելչութիւնը՝ հասակը, մկանունքը, թիկնեղ ուսերը: Անոր խանդավառութիւնը կը ծաւալէր, երբ կ՚անդրադառնար իր սիրեկանին մեղրագոյն աչքերուն: Յստակ էր, որ օրիորդը ամէնէն աւելի հմայուած ու կախարդուած էր անոր մագնիսացնող աչքերով: Մանրակրկիտ ու ամբողջական նկարագրականէն ետք, քաղցր երազէ մը զարթնողի նման ան իր ընկերուհիին հարց կու տայ. «Իսկ ի՞նչ է քու սիրելիիդ աչքերուն գոյնը»:
Օրիորդը պահ մը կ՚այլայլի, կը շփոթի, ապա իր շուրթերուն վրայ քաղցր ժպիտ մը կը պայծառանայ ու կը պատասխանէ. « Իմ սիրածիս աչքերը պիտի նկարագրեմ եւ վստահ եմ, որ դուն պիտի կռահես անոնց գոյնը։ Անոր աչքերը սիրով կը շողան, երբ զիս կը տեսնէ, խինդով կը ցայտեն, երբ ուրախութիւնս կը զգայ, կարեկցանք կ՚արտայայտեն, երբ ցաւս կ՚իմանայ, խոհուն տեսք կը ստանան, երբ մտավախութիւններս կ՚արտայայտեմ: Սիրածիս աչքերուն մէջ կ՚արտացոլայ հոգւոյս գաղտնի հայելին, ուր կը տեսնեմ գթառատ սիրոյ, անսահման բարութեան, քնքշանքի ու գուրգուրանքի բոլոր երանգները։ Կարելի չէ մէ՛կ գոյնով սահմանել իմ աշխարհս լիացնող ամէնէն գեղեցիկ ու խորհրդաւոր աչքերը:
Մեղրագոյն աչքերուն սիրահարուած ընկերուհին այս անյստակ պատասխանէն վրդոված, նոր հարց մը կու տայ.« Այժմ սիրածդ ո՞ւր է. նկատի ունիմ անոր գտնուած վայրը»։
-Ես իմ ամբողջ էութեամբ կը զգամ անոր գտնուած վայրը: Ան հոն է, ուր սիրտս կը բաբախէ, նեարդներս կը թրթռան, միտքերս կը սաւառնին ու հոգիս կը թնդայ: Թէեւ սիրածս յատուկ հասցէ մը չունի, բայց մենք յաճախ անտեսանելի ուղիներով կը հանդիպինք, զուգահեռներ կը ստեղծենք ու մեր չհատուող ճանապարհներուն դառնութիւնը կը յաղթահարենք:
Ընկերուհին ծածկելով իր բարկութիւնը կ՚ըսէ. «Լա՛ւ, մոռնանք աչքերն ու հասցէն. նկարագրէ անոր մարմինը»։
-Սիրածիս ուսերը այնչափ է, որ երբ գլուխս կը հանգչեցնեմ անոնց վրայ, պահ մը կը նահանջէ հոգիիս անդոհը, կարծես, թէ աշխարհը կը փոխէ իր ընթացքը եւ շուրջս եթերային խաղաղութիւն կը տիրէ: Անոր թեւերը այնքան վստահելի են, որ երբ կը փաթթուին ինծի, շնչառութիւնս թթուածինով կը հարստանայ ու ինքզինքս անսահման օրէն ապահով կը զգամ։ Բաւարար է, որ ան ձեռքս բռնէ եւ ես կուրաբար իր հետ ցատկիմ ցանկացած բարձրութենէն վար: Իր կուրծքը նման է ամրոցի մը, որուն իշխանուհին ես եմ ու ոչ մէկ թշնամի կրնայ գրոհել այդ անառիկ ամրոցը...։
Մեղրագոյն աչքերուն սիրահարը այս վերացական պատասխանէն դժգոհելով, կ՚ընդհատէ իր ընկերուհիին «անմարմին» նկարագրականը ու կ՚ըսէ . «Ո՛չ սիրածիդ տեսքը լիարժէք նկարագրեցիր եւ ո՛չ ալ հասցէն յայտնեցիր: Ես ինչպէ՞ս հաւատամ, որ ան իրական է»:
-Անշո՛ւշտ իրական է: Այդքան թերի՞ էր նկարագրականս, որ չկռահեցիր անոր աչքերուն գոյնը, չիմացար գտնուած վայրը ու չպատկերացուցիր անոր էութիւնը:
-Այո՛, թերի էր: Ես նոյնիսկ կը կասկածիմ սիրեկանի մը գոյութեանը:
-Ընկերուհի՛ս, չեմ զարմանար ու չեմ մեղադրեր, եթէ խօսքերուս մէջ չտեսար զինք: Պէտք է ներթափանցես միտքիս ծալքերուն , որպէսզի հոն հանդիպիս սիրեկանիս ուրոյն կերպարին ու անաղարտ պատկերին: Նոյնպէս անհրաժեշտ է, որ թափանցես հոգիիս խորքը, ուրկէ ան ծնունդ առած է, ապա՝ արմատացած, ամրացած ու սնուած իմ բջիջներուս կենսատու աւիշովը:
Ան պարզապէս հարազատ կրկնօրինակն է մտապատկերիս ու հոգեհատորը իմ անեղծ ներաշարհիս:
Մեղրագոյն աչքերուն սիրահարուած օրիորդը հրաժարեցաւ յաւելեալ հարցումներ տալէ։ Անոր համար դժուար էր ըմբռնել անտեսանելի եւ գրեթէ անիրական սիրեկանի մը նկարագրականը:
Մինչ այս տողերը կը գրեմ միտքիս մէջ կ՚արձագանգէ ֆրանսացի արձակագիր՝ Անայիս Նին-ի նշանաւոր խօսքը. «Մենք իրերը չենք տեսներ այնպէս ինչպէս որ են, այլ այնպէս ինչպէս որ մենք ենք»:
Մենք ընդանհրապէս անհատ մը, սիրելի մը, երեւոթ մը, միայն մեր աչքերով չենք տեսներ, այլ մեր միտքին մէջ ստեղծած կերպարով մը, որուն կ՚աւելցնենք մեր զգացումները, իտէալները, ակնկալիքները, սպասումները...: Շատ հազուադէպ է, որ իրականութիւնը կը յարմարի մեր մտապատկերին: Ընդանհրապէս կը պատահի հակառակը եւ մենք կը յուսախաբուինք, կը յուսալքուինք , որովհետեւ իսկական պատկերը շա՜տ հեռու կ՚ըլլայ մեր ստեղծած հերոսէն ու մտակերպարէն:
Ո՞վ կարդալ միտքը գիտէ...:
Սիլվա Մահրէճեան-Իսկիկեան