image
Հրատապ լուրեր:

Հեռու իր հարազատ միջավայրէն. Ժիրայր Դանիէլեան յաւերժին համար փակեց իր աչքերը

Հեռու իր հարազատ միջավայրէն. Ժիրայր Դանիէլեան յաւերժին համար փակեց իր աչքերը

81 Գարուններ ապրած Դանիէլեանի կեանքին մէջ ամենածանր օրերը կը համարուին թուականի օգոստոսին Պէյրութը հարուածած աղէտալի պայթումի օրերը, երբ ան յար եւ նման հարիւրաւոր լիբանանցիներու ծանրօրէն կը վիրաւորուի ու ապա ալ կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը։

 Ի դէպ նոյն այդ պայթումին հետեւանքով էր, որ Դանիէլեան ստիպուած կ՚ըլլար (գուցէ այլ  առարկայակական  պատճառներու բերումով եւս)։

Եւ անշուշտ այսօր անոր հեռացումը, անժամանակութեան մը պարունակով կը դիտարկուի, ոչ միայն որ ան կը գտնուի իր սիրելի ծննդավայրէն հազարաւոր մղոններ հեռու, այլ անոր համար, որ անոր կորուստով ստեղծուած բացը նոր անուններով լրացնելու հիմնարար ապաւէնը կը շիջի։ 

 

 Լիբանանահայ գրական եւ ազգային շրջանակներուն մէջ յարգուած անուն հանդիսացող Ժիրայր Դանիէլեանի մահուան բօթը անակնկալի մատնեց հայաշխարհը։

Մտաւորական ներհուն անուն հանդիսացող Ժիրայր Դանիէլեան հանրայայտ կրթական գործիչ մը ըլլալէ անդին բանասիրական միտք էր նաեւ, որուն ուսումնասիրութիւնները միշտ ալ համարուած են արժէքաւոր աշխատութիւններ։

ՀԲԸՄ-ի Մեծ ընտանիքի կրթական ցանցին մէջ իր ուրոյն տեղը ունեցած Յովակիմեան-Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարանի տնօրէնի պաշտօնն ստանձնած Դանիէլեան այդ գործին գլուխը եղած է երկար տարիներ եւ շնորհիւ իր արդարամտութեան եւ ջանասիրութեան յաջողութեան գագաթի մը հասցուցած է տնօրէնի պատասխանատու պաշտօնը։

Դանիէլեան, որ մաս կը կազմէր լիբանանահայ «մշակութային ոսկեդար»ը կերտած մտաւորական վերնախաւին եղած է մշտական ներկայութիւն հայկական կեանքի տարբեր առանցքներուն առընթեր եւ ունեցած է հաւասակշռող մտաւորականի եւ արդարամիտ գործիչի տեսակէտ-ներկայութիւնը։

Ան նաեւ եղած է սերտ գործակիցը Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան, որուն շնորհազարդ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին բարձր հովանիով կարողացած է կեանքի կոչել բազմաթիւ  գրական-գրադատական  նախաձեռնութիւններ։ 

 Կրթական ոլորտին մէջ իր գործունէութեան աւարտին Դանիէլեան յաջողած է հիմնել «Կամար» խորագրեալ գրական-մշակութային հանդէս մը, որուն ներքեւ ալ յաջողած է ներկայութիւնը ապահովել սփիւռքահայ, թէ հայրենի հոյլ մը ստեղծագործ անուններու։

81 Գարուններ ապրած Դանիէլեանի կեանքին մէջ ամենածանր օրերը կը համարուին թուականի օգոստոսին Պէյրութը հարուածած աղէտալի պայթումի օրերը, երբ ան յար եւ նման հարիւրաւոր լիբանանցիներու ծանրօրէն կը վիրաւորուի ու ապա ալ կը կորսնցնէ իր տեսողութիւնը։

 Ի դէպ նոյն այդ պայթումին հետեւանքով էր, որ Դանիէլեան ստիպուած կ՚ըլլար (գուցէ այլ  առարկայակական  պատճառներու բերումով եւս) հեռանալ Լիբանանէն եւ հաստատուիլ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ։

Եւ անշուշտ այսօր անոր հեռացումը, անժամանակութեան մը պարունակով կը դիտարկուի, ոչ միայն որ ան կը գտնուի իր սիրելի ծննդավայրէն հազարաւոր մղոններ հեռու, այլ անոր համար, որ անոր կորուստով ստեղծուած բացը նոր անուններով լրացնելու հիմնարար ապաւէնը կը շիջի։ 

Ժիրայր Դանիէլեանի անունը միշտ ալ պիտի յիշատակուի բարիով, որովհետեւ ան միշտ ալ բարի գործերու, իրական մտաւորական մարդու, ազնիւ կրթական մշակի եւ լոյսին եւ լուսաւորութեան համար մաքառող տեսակ է։

 

 Յաւե՜րժ յիշատակ՝ Ժիրայր Դանիէլեանին։