Շաբաթավերջին Արցախեան սահմանին իրավիճակը եղած է լարուած: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Ըստ աղբիւրին ազրպէյճանեան կողմը հերթական անգամ լարուած պահած է սահմանը աւելի քան 320 անգամներ խախտելով առկայ հրադադարը: Նշենք, որ արձակուած է շուրջ 5000 կրակոց, որոնց ընթացքին հակառակորդը արձակած է հրանետեր: Հայկական կողմը համապատասխան կրակ- պատասխան տալով սաստած է թշնամին: Հայկական սահմանային ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ կը պահեն սահմանային ամբողջ գօտին: