image

Արցախեան պատերազմին անյայտ կորսուածներու հարազատները բողոքի հաւաք կատարեցին

Արցախեան պատերազմին անյայտ կորսուածներու հարազատները  բողոքի հաւաք կատարեցին

Կառավարութեան շէնքի դիմաց հաւաքուած են 2023 թուականի սեպտեմբերի պատերազմի, պայթումի հետեւանքով անյայտ կորսուածներու, հաստատուած գերի հանդիսացող անձանց հարազատները, ինչպէս նաեւ անձինք, որոնց հարազատները զոհուած են Արցախի մէջ եւ յուղարկաւորուած են այնտեղ: 

Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է, որ տեւական ժամանակ աշխատանքներ տարուած են խնդիրը բարձրաձայնելու, արտաշիրմում կազմակերպելու եւ անձանց աճիւնները ՀՀ տեղափոխելու ուղղութեամբ: Ան նշած է, որ հաւաքի հիմնական նպատակը Կառավարութիւն նամակ փոխանցելն է, որմէ ետք պիտի քալեն դէպի ԱԱԾ շէնք, ուր եւս նամակ պիտի փոխանցուի: 

«Ուզում եմ տեղեկացնել, որ ձեւաւորուած էր խողովակ՝ պետական կառոյցների հետ աշխատանքների առումով, աւելի կոնկրետ՝ «Գերիների, պատանդների եւ անյայտ կորած անձանց» հարցերով զբաղող միջգերատեսչական յանձնաժողովը, ղեկավարում էր նախկին ԱԱԾ պետ Արմէն Աբազեանը: Հարազատները ունեցել են հնարաւորութիւն հանդիպումներ ունենալու, ստացել են հաւաստիացումներ, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներ տարւում են, որոշակի պայանաւորուածութիւններ փորձ է արւում ձեռք բերել, բայց փաստն այսօրուայ դրութեամբ այն է, որ Արմէն Աբազեանի պաշտօնաթողութեամբ պայմանաւորուած, մինչեւ հիմա որեւէ մէկս տեղեկացուած չենք՝ պետական համակարգում ո՞վ է զբաղւում այս հարցերով, կամ արդեօ՞ք որեւէ մէկը զբաղւում է, թէ՞՝ ոչ: Արդեօ՞ք Կառավարութիւնը պլանաւորու՞մ է որեւէ պաշտօնեայ կամ որեւէ պետական մարմին այս ուղղութեամբ նշանակել կամ յանձնարարել, որպէսզի շարունակեն», - խնդիրը մանրամասնած է Արցախի ՄԻՊ-ը: 

Հարազատները կ՚ուզեն, որ այդ հարցերու քննարկման Աբազեանը շարունակէ ներգրաւուածութիւն ունենալ, քանի որ մինչ պաշտօնաթողումը ինք տարած է քննարկումները:

Անոնք կը պահանջեն, որ խողովակը վերականգնուի եւ տեսանելի արդիւնքներ նշմարուին: