image

Սէֆիլեան քաղաքական ծրագրի մը մասին կը խօսի

Սէֆիլեան   քաղաքական ծրագրի մը  մասին կը խօսի

«Նախախորհրդարան»ի  անդամ Ժիրայր Սէֆիլեան ըսած է, թէ  իրենք քաղաքական յստակ ծրագիր ունին: Սէֆիլեանի  այս խօսքը  փոխանցուած է անոր  փաստաբան  Արա Զագարեանին կողմէ: Վերջինս,  որ խօսած է  «Ազատութիւն» ռատիօկայանին,  նաեւ  նկատել  տուած է, թէ  Սէֆիլեան  այս տագնապի առաջին օրէն պատրաստակամութիւն յայտնած է բոլոր հնարաւորութիւնները ներդնել խնդրի խաղաղ  հանգուցալուծումը ապահովելու համար:  Սէֆիլեան նաեւ ըսած է, թէ իրենք   քաղաքական պատրաստ ծրագիր ունին:  «Նախախորհրդարան»-ի բանատարկուած  առաջնորդը դիտել տուած է, թէ բանակցութիւնները կ'ընթանան, բայց չվնասելու համար այդ գործընթացներուն,  կը մերժէ  այդ   մասին տուեալներ  ներկայացնել:   Նոյն առումով   նշեալ ռատիօկայանը կապ հաստատած է ԱԱԾ-ին հետ   ու մարմնի  բանբերը մերժած է բանակցութեանց մասին որեւէ տուեալ փոխանցել: Նշենք, որ այսօր  Խորենացի  փողոցին վրայ նոյնպէս բողոքի հաւաք տեղի ունեցած է, ուր խօսք առած են  երէկ կազմուած «հակաճգնաժամային նախաձեռնող խորհուրդ»ի  անդամներ  եւ  այլ գործիչներ: Բոլոր խօսք առնողները   պահանջած են արագօրէն լուծել ՊՊԾ տարածքին մէջ  գտնուող «Սասնայ ծռեր»  խումբի տղոց սնունդի, ջուրի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութիւն հանդիսացող խնդիրներու լուծումը: Նշենք, որ Կիւմրիի «Ասպարէզ» ակումբի    ներկայացուցիչ  Լեւոն Բարսեղեան  Խորենացի փողոցի  բեհամհարթակէն խօսելով   յայտնած  է, թէ ոստիկանութիւնը հաւաքի ընթացքին բերման ենթարկած էր  3  երիտասարդներու: Հաւաքի  մասնակիցները       աւարտին երթ կատարած են՝ հասնելով քաղաքի կեդրոն ու ապա  վերստին Խորենացի փողոց վերադառնալով: