Պաքու կայանալիք COP29-ին Հայաստանէն ներկայացուցիչ ունենալու հարցով դեռ որոշում չէ կայացուած:
Այս մասին, 4 սեպտեմբերին, ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ, ՔՊ-ական պատգամաւոր Սարգիս Խանդանեան՝ աւելցնելով, որ ՔՊ խմբակցութիւնը այդ հարցը չէ քննարկած:
Հարցին, թէ Արցախի անկախութեան օրուան առթիւ իշխանութիւնները, ՔՊ-ի քաղաքական խումբը որեւէ ըսելիք չունի՞ն, ան արձագանգեց. «Եթէ ասելիք լինէր, դա կ'արուէր»: