image

ՀԲԸՄ-ի նորընտիր նախագահ Սեմ Սիմոնեանին՝ մրցանակ

ՀԲԸՄ-ի նորընտիր նախագահ Սեմ Սիմոնեանին՝ մրցանակ

«Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտութիւններու նախաձեռնութեան համահիմնադիր Սեմ Սիմոնեան պիտի պարգեւատրուի «Global Educational Excellence» մրցանակով, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի արեւմտեան շրջանին կողմէ։ Մրցանակը պիտի յանձնուի Հոկտեմբեր 20-ին՝ ANCA-WR Gala 2024 մրցանակաբաշխութեան ժամանակ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Լոս Անճըլըս հրապարակուող` «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, «Պեվրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, իր՝ «Համաշխարհային Կրթական Գերազանցութեան» մրցանակը պիտի շնորհէ ճարտարագէտ, նորարար, ձեռնարկատէր եւ բարերար Սեմ Սիմոնեանին, որ նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին հիմնադիրն է։

«Կը  փափաքիմ տեսնել խաղաղ, ուրախ, զօրաւոր եւ ճարտարագիտականօրէն գերազանց Հայաստան մը եւ կրթութիւնը այդ նպատակին հասնելու միակ միջոցն է», առիթով մը ըսած է Սիմոնեան՝ ինչ որ բիւրեղացումն է Հայաստանի եւ Սփիւռքի համար անոր ունեցած տեսլականներուն։

Տէր եւ տիկին Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու մտայղացումը հանդիսացող ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնը ճամբայ ելած էր Երեւանէն, 2011ին։ Աւելի ուշ կեդրոններ բացուեցան Դիլիջանի, Գիւմրիի, Ստեփանակերտի եւ Կողբի մէջ, իսկ բազմաթիւի շարժական կեդրոններ հաստատուած են Հայաստանի տարածքին։

Հայաստանէն ընթացք առած ԹՈՒՄՕն արդէն կը գործէ Փարիզի, Լիոնի, Պերլինի, Մանհէյմի, Ցիւրիխի, Քոյիմպրայի, Քիեւի, Թիրանայի եւ Պէյրութի մէջ: Կեդրոներ պիտի բացուին նաեւ Ամսթերտամի, Ճափոնի, Լոս Անճելըսի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Նշեալ կեդրոններուն մէջ, 12էն 18 տարեկան տասնեակ հազարաւոր պատանիներ եւ երիտասարդներ անվճար դասընթացքներու կը հետեւին արդի արհեստագիտութեան զանազան մարզերու մէջ։

Սեմ Սիմոնեան նաեւ հիմնադիրն է Inet Technologies հեռահաղորդակցութիւններու ընկերութեան (1989) եւ արժանացած է Inc. Magazine-ի, Ernst & Young-ի եւ Merrill Lynch-ի «Տարուան Ձեռնարկատէրը» մրցանակին, ինչպէս նաեւ հեղինակաւոր Ellis Island-ի շքանշանին։ Ան նաեւ ստացած է Հայաստանի «Անանիա Շիրակացի» մրցանակը, Հայաստանի նոր սերունդին մատուցած անոր սպասարկութիւններուն համար։

Ան շրջանաւարտ է ՀԲԸՄի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան երկրորդական վարժարանէն, իսկ ընտանիքին հետ Թեքսաս հաստատուելէ ետք վկայուած է Թեքսասի համալսարանի Արլինկթընի մասնաճիւղէն, մասնագիտանալով ելեկտրական ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ։

Սիմոնեան Հոկտեմբերին պիտի ստանձնէ ՀԲԸՄի նախագահի պաշտօնը։ Ան եւ իր տիկինը երկար տարիներով նուիրեալ անդամներ են ՀԲԸՄին, նպաստելով անոր բարեսիրական գործունէութեան, աշխարհի տարածքին։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան ձեռնարկը առիթ պիտի հանդիսանայ լուսարձակի տակ առնելու Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարելու այն անհատները, որոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Հայ Դատի ջատագովման աշխատանքները անխափան շարունակելու գործին մէջ։

Տեղեր ապահովելու, հովանաւորութեան կարելիութիւններուն ծանօթանալու կամ նուիրատուութիւն կատարելու համար այցելել կայքէջը։