Անգարան ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքով կ՛ամբաստանէ Իսրայէլը, մինչ Ազրպէյճանը կը շարունակէ խորացնել իր գործակցութիւնը Իսրայէլի հետ:
Դժուար կ՛ըլլայ ներքին սուր հակասութիւններով բացատրել այս իրավիճակը: Նոյնքան դժուար է համոզուիլը, որ անկախ Անգարայէն, Պաքուն ինքնուրոյն կը գործակցի Իսրայէլին հետ: Երբ Թուրքիոյ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ թէ՛ նախագահը երկիրներու անուններ կը շարեն եւ ապա կ՛ընդգծեն, որ իրենք ճիգ պիտի չխնայեն, որպէսզի այդ երկիրներու ցուցակը համալրուի, ինչպէ՞ս կը բացատրուի այդ երկիրներու շարքին Ազրպէյճանի բացակայութիւնը:
Երեւանի կողմէ պաղեստինեան պետութեան ճանաչումը շտապած էր ողջունել Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Նախարարութեան պաշտօնական կայքին վրայ տեղադրուած ողջունագիրը քանի մը բաղադրիչ ունէր:
Նախ, ողջունել Երեւանի որոշումը եւ աւելցնել, որ Հայաստանը կը հետեւի Սպանիոյ, Իրլանտայի, Նորվեկիոյ եւ Սլովենիոյ օրինակներուն, որոնք յաջորդաբար վերջերս ճանչցան Պաղեստինի պետութիւնը:
Կը շեշտէ, որ Անգարան միշտ հետամուտ եղած է, որ պաղեստինեան պետութիւնը ճանչցուի, ինչ որ միջազգային օրէնքին եւ արդարութեան սկզբունքներուն հետ առնչուած է:
Ըստ այդ հաղորդագրութեան, Թուրքիա պիտի շարունակէ ճիգ թափել, որպէսզի յաւելեալ երկիրներ ճանչնան Պաղեստինը:
Երկրորդ կէտը` միջազգային օրէնքի եւ արդարութեան մասին անհեթեթ է, նկատի ունենալով զանոնք առաջադրող կողմի քաղաքական բնութագիրը եւ կիրարկող քաղաքականութիւնը:
Առաջին եւ երրորդ բաժինները կապ ունին իրարու հետ: Երբ Հայաստանի ճանաչումին առիթով կը յիշուին այլ երկիրներ, եւ կը հաստատուի, որ Անգարան պիտի շարունակէ աշխատիլ, որ այլ երկիրներ եւս ճանչնան, ըսել կ՛ուզուի, որ մինչ այժմ կատարուած ճանաչումներուն մէջ Թուրքիան դեր ունի:
Չի բացառուիր ուրեմն, որ Թուրքիոյ նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին միջեւ շաբաթ մը առաջ տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան այս առաջադրանքը արծարծուած է:
Անգարայի ողջոյնի այս երթը շարունակուած է Թուրքիոյ նախագահի մակարդակով: Թուրքիոյ նախագահը յայտարարեց, որ իր երկիրը կը ցանկայ, որ Նորվեկիոյ, Իրլանտայի եւ Սլովենիոյ ցուցաբերած խղճով դիրքորոշումը օրինակ ծառայէ ամբողջ Եւրոպայի համար: «Մենք գոհ ենք յարգարժան վարչապետ Փաշինեանի ղեկավարութեամբ Հայաստանի` Պաղեստինի պետութիւնը ճանչնալու որոշման կապակցութեամբ»:
Հետաքրքրական է, որ թուրքեւազրպէյճանական դաշինքի «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» բանաձեւը այստեղ խնամքով անուշադրութեան մատնուած է: Անգարան ամէն առիթի կը զօրակցի պաղեստինեան պետութեան կայացման գործընթացին, ամէնէն ծանր մեղադրանքներով կ՛ամբաստանէ Իսրայէլը, մինչ իր ազգակիցը հազիւ Իսրայէլ-Պաղեստին «երկու պետութիւն» տարազը ընդունելու մասին կը խօսի:
Անգարան ցեղասպանութիւն գործած ըլլալու յանցանքով կ՛ամբաստանէ Իսրայէլը, մինչ Ազրպէյճանը կը շարունակէ խորացնել իր գործակցութիւնը Իսրայէլի հետ:
Դժուար կ՛ըլլայ ներքին սուր հակասութիւններով բացատրել այս իրավիճակը: Նոյնքան դժուար է համոզուիլը, որ անկախ Անգարայէն, Պաքուն ինքնուրոյն կը գործակցի Իսրայէլին հետ: Երբ Թուրքիոյ թէ՛ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ թէ՛ նախագահը երկիրներու անուններ կը շարեն եւ ապա կ՛ընդգծեն, որ իրենք ճիգ պիտի չխնայեն, որպէսզի այդ երկիրներու ցուցակը համալրուի, ինչպէ՞ս կը բացատրուի այդ երկիրներու շարքին Ազրպէյճանի բացակայութիւնը:
«Երկու պետութիւն»-ը միջազգային օրակարգի կը վերածուի: Ճնշամիջոց է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛օգտագործեն Իսրայէլի դէմ` միաժամանակ վերանայելով անոր դերը տարածաշրջանին մէջ: Այդ օրակարգի ձեւաւորման համար անհրաժեշտ են ճանաչումներ: Այդ ճանաչումներու կամ միջազգային օրակարգի վերածման համար Թուրքիան ինքնաառաջադրուած է իբրեւ գործընթացը առաջ տանող երկիր: Այս ինքնաառաջադրումը կը ծառայէ Անգարայի ազդեցութեան գօտիի ընդլայնման արաբական աշխարհին մէջ:
Ահա այստեղ է, որ դերերու բաշխում կատարուած է Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ: Ի վերջոյ Անգարա-Թել Աւիւ յարաբերութիւնները չեն խզուած: Չեղեալ չէ յայտարարուած նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան դաշինքը:
Ողջոյններու այս զեղումին մէջ, Թուրքիան կը փորձէ ձգել այն տպաւորութիւնը, որ Երեւանը լսած է իր յորդորը եւ ըստ այնմ ճանչցած Պաղեստինը: Աւելի հեռու երթալով` այն տպաւորութիւնը, որ Անգարան սկսած է ազդել Երեւանի արտաքին քաղաքականութեան վրայ: Այս երկրորդ ուղերձը բացի Պաղեստինէն եւ արաբական աշխարհէն ուղղուած է նաեւ միջազգային ընտանիքին եւ յատկապէս տարածաշրջանի գլխաւոր խաղցողներուն:
«Ազդակ»