«Նախախորհրդարան»ի անդամ Ժիրայր Սէֆիլեան ըսած է, թէ իրենք քաղաքական յստակ ծրագիր ունին: Սէֆիլեանի այս խօսքը փոխանցուած է անոր փաստաբան Արա Զագարեանին կողմէ: Վերջինս, որ խօսած է «Ազատութիւն» ռատիօկայանին, նաեւ նկատել տուած է, թէ Սէֆիլեան այս տագնապի առաջին օրէն պատրաստակամութիւն յայտնած է բոլոր հնարաւորութիւնները ներդնել խնդրի խաղաղ հանգուցալուծումը ապահովելու համար: Սէֆիլեան նաեւ ըսած է, թէ իրենք քաղաքական պատրաստ ծրագիր ունին: «Նախախորհրդարան»-ի բանատարկուած առաջնորդը դիտել տուած է, թէ բանակցութիւնները կ'ընթանան, բայց չվնասելու համար այդ գործընթացներուն, կը մերժէ այդ մասին տուեալներ ներկայացնել: Նոյն առումով նշեալ ռատիօկայանը կապ հաստատած է ԱԱԾ-ին հետ ու մարմնի բանբերը մերժած է բանակցութեանց մասին որեւէ տուեալ փոխանցել: Նշենք, որ այսօր Խորենացի փողոցին վրայ նոյնպէս բողոքի հաւաք տեղի ունեցած է, ուր խօսք առած են երէկ կազմուած «հակաճգնաժամային նախաձեռնող խորհուրդ»ի անդամներ եւ այլ գործիչներ: Բոլոր խօսք առնողները պահանջած են արագօրէն լուծել ՊՊԾ տարածքին մէջ գտնուող «Սասնայ ծռեր» խումբի տղոց սնունդի, ջուրի եւ այլ առաջին անհրաժեշտութիւն հանդիսացող խնդիրներու լուծումը: Նշենք, որ Կիւմրիի «Ասպարէզ» ակումբի ներկայացուցիչ Լեւոն Բարսեղեան Խորենացի փողոցի բեհամհարթակէն խօսելով յայտնած է, թէ ոստիկանութիւնը հաւաքի ընթացքին բերման ենթարկած էր 3 երիտասարդներու: Հաւաքի մասնակիցները աւարտին երթ կատարած են՝ հասնելով քաղաքի կեդրոն ու ապա վերստին Խորենացի փողոց վերադառնալով: