image

Յովհաննէս Քաջազնունիի «Արգիլեալ պտուղին» ազդը

Յովհաննէս Քաջազնունիի «Արգիլեալ պտուղին» ազդը

Գանատահայ համայնքային գործիչ՝ Ժան Հալլաճեան կը գրէ՝ 

Անհատի մը հոգեմտաւոր կազմաւորման մէջ շատ մը դերակատարներ եւ գործօններ կը գոյաւորուին՝ կերտելու մարդը, ինչպիսիք են՝ ծնողք, ընտանիք, դպրոց, կրօնական հաստատութիւն եւ այլն: Դաշնակցական մարդու կազմաւորումը եւս նոյն օրինաչափութիւններուն կը հետեւի, գումարած յատուկ շաղախումով ու բծախնդիր հիւսուածքով գործօններու եւ դէպքերու, որոնք տուեալ թեկնածուին Դաշնակցական մարդու իւրայատուկ նկարագիր ու կենցաղային դրոշմ կը հաղորդեն՝ ժառանգուած պատմութենէն եւ կաղապարուած ծրագիրի ու կանոնագրի ոգիին մէջ:

Այդ իմաստով Դաշնակցական ականաւոր, պատմական դէմքեր եւ դէպքեր իրենց դերակատարութիւնը կ’ունենան Դաշնակցական մարդու կազմաւորման մէջ: Նոյնանման այժմէական դեր կրնան ունենալ նաեւ կարգ մը դաշնակցական գործիչներ եւ պատասխանատուներ, որոնք ուղղակի կամ անուղղակի թելադրականութեամբ կը կոփեն անհատին մէջ «Դաշնակցական ստորոգելիներ» ու կը դրոշմեն անհատի հոգին Դաշնակցականի յատուկ նկարագիրով: Լինտա Քէլէշեան-Գանտիլեանի մէկ գրառումը մէջս  արթնցուց յիշատակներ, թերեւս ո՛չ այնքան լուսարձակի տակ առնուած անձնաւորութիւններու մասին, բայց որոնց դերակատարութիւնը ամրօրէն խարսխուած է սերունդի մը յիշատակարանին մէջ այնքա՜ն ազդու ու հաղորդի՛չ կերպով։ Փաստօրէն այդ սերունդը հաճոյքով ընկալած է դաշնակցական համեստ պատասխանատուներու արգասաբեր հուրքը, որ ապագային պտղաբերած է Դաշնակցականօրէն բերրի ու պարարտ Հալէպեան կուսակցական աւանդապաշտ ընտանիքի կեանքէն ներս:

Այսպէս, երբ պատանի էի, «Քրիստափոր» գրադարանը իր իւրայատուկ տեղը կը գրաւէր որպէս հասցէ, յագուրդ տալով շատ մը երիտասարդներու մտաւոր եւ ոգեղէն ջրդեղման, ի շարս հայկական այլ հանրային գրադարաններու՝ ինչպիսիք էին՝ Ազգային Առաջնորդարանի (ապագային «Եկաւեան»), «Վիոլէթ Ճէպէճեան», Մարաշի Հայրենակցական Միութեան, «Վարանդեան», «Տիգրիս», Զաւարեանի, ՍՕԽ-ի, եւ ՔԵԱՃ-ի գրադարանները:

Կիրակի մը ուղղուեցայ ակումբ՝ ճարելու համար Յովհաննէս Քաջազնունիի «Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի» գիրքը։ Ընկերներէս՝ Համբիկը, պատանեկան արկածախնդրութիւններու անզուգական յուշարարս ու խթանիչը «հարցադրելի» առաքելութիւններու, մտերմութեան մը պահուն փսփսացած էր անոր վերնագիրը եւ յանձնարարած, որ անպայման ճարեմ եւ կարդամ, քաջ գիտնալով, որ այդ եւ նման գրքեր տրամադրելի չէին մեզի նման «չկազմաւորուած, դեռատի դաշնակցականներու»:

Հակառակ առաքելութեանս «անհամբոյր» բնոյթին, համարձակ քայլերով, Համբիկին յանձնարարութիւնը ի կատար ածելու տրամադրութեամբ մտայ քաղաքի «Քրիստափոր» գրադարանը, ուր զիս դիմաւորեց ընկ. Արշակ Տանակէօզեանը, գրադարանի պատասխանատու ընկերը, որուն հանդէպ տածած եմ յատուկ ակնածանք: Հոն համախմբուած էին նաեւ այլ պատանիներ ու պարմանուհիներ, որոնք զբաղած էին գրադարանի գիրքերու ցանկագրումով:

Ընկ. Արշակին հետ կիսած եմ շատ մը դրուագներ, որոնք մեծաւ մասամբ դաստիարակիչ բնոյթ ունեցած եւ դրականօրէն ազդած են որպէս Դաշնակցականի կազմաւորմանս վրայ:

Ինք նկարագրով ըմբոստ էր եւ յանդուգն, մարտնչող Դաշնակցական, որ որեւէ յոռի երեւոյթի առաջ շատ համարձակ, առանց վարանումի իր կեցուածքը կ’արտայայտէր, անշուշտ յարգելով իր կարգի ու ժամանակի նրբութիւնները։ Յատկապէս տպաւորուած եմ իր խիզախ, անաչառ նկարագիրով: Անոր մտերմութիւնը առաւելաբար վայելեցինք, երբ շրջանի մը համար նշանակուեցաւ պատասխանատու վարիչ՝ գործելով ՀՅԴ Հալէպի «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան մէջ:

Ընկ. Արշակ ծանօթ անձնաւորութիւն էր գիրքերու աշխարհին հետ գործ ունեցողներու շրջագիծէն ներս: Ան ինքնուս, զարգացած անձնաւորութիւն մըն էր, մանաւանդ հայկական աշխարհի ընդհանուր գիտելիքներով: Արհեստավարժ ոսկերիչ էր, միջահասակ, իսկ դիմագիծը ուշագրաւօրէն խանձուած էր, ըմբոշխնելով արեւուն առատ շողերը, որոնք մրկած էին իր կնճռոտած դիմագիծը: Որպէս ձկնորսութեան տենդագին սիրահար, երբ դաստիարակչական գիտելիքներու մասին կ’արտայայտուէր, անպայման զանոնք կը համեմէր որսի աշխարհի մասին ընդհանրական ծանօթութիւններով: Արդ, յագեցած եմ ձուկի տեսակներու մասին իր տեղեկութիւններով, ինչպէս՝ լուքոսի, շապպութի, պուրինի, սեւ ձուկի, մըշըթի եւ այլն: Գիտելիքներուս վրայ աւելցուցած եմ նաեւ սուրիական գետերու անուններ, որոնք այդ հանգրուանին ծանօթ չէին մեզի, ինչպիսիք են՝ Պլիխը, Սաճուրը, Խապուրը, Ուատի Խանազիրը, Ճապպուլի լճակը, Նահր ալ-Տահապը եւ այլն:

Ընդերքիս մէջ խայտացող առաքելութեանս մտմտուքի լաւան փարատեցաւ, ի տես ընկ. Արշակի դէմքին վրայ ուրուագծուած լայն ժպիտին: Բարի լոյսս տեսանելի գոհունակութեամբ ընկալելով ըսաւ.

_ Ինչպէ՞ս ես, Ժանօ՛: Այսքանը դրական ազդանշան համարելով ընդհուպ ներկայացուցի խնդրանքս առանց յառաջաբանի։

Դէմքի խորշոմները միախառնուեցան կիտած յօնքերու ցցուն մազերուն։ Իր ակնոցի հաստ ոսպնեակներէն կրնայի կարդալ դժգոհ տրամադրութիւնը, որ շրջեց դրական կանխահաս տրամադրուածութիւնս, մէջս արթնցնելով ափսոսանքի, տարակուսանքի եւ շտապողականութեան հակամէտ խառն հոգեվիճակ: Կամովին՝ Համբիկին բարի կամեցողութեան շղարշով պարուրուած «թակարդին» մէջ ինկած էի: Չսպասելով ընկ. Արշակի պատասխանին, փորձեցի երկրորդական խնդրանքով մը շեղել իր ուշադրութիւնը հիմնական նիւթէն:

Ինք բնատուր, ճարտար բանավիճող էր եւ արթուն ունկնդիր: Հնարովի միջամտութեամբ մը իր կեդրոնացումը շեղելու դերատիի փորձս արժանացաւ իր լուրջ պատասխանին՝ հանգամանաւոր խօսքերով ջրելով մանկունակ ճարպիկութիւնս: Ան իր հանդարտ, բայց Դամասկոսեան թուրի շեղբին սրութեամբ յարեց.

_ Հոս նայէ՛, Ժանօ՛, այսօր՝ դուք ձեր գիտելիքները լիացուցէ՛ք կարդալով Մալխասի «Զարթօնք»-ը, Ահարոնեանի «Ազատութեան Ճանապարհին», Ռ. Տէր Մինասեանի «Հայ Յեղափոխականի Յիշատակարան»-ը, Կոմսի «Խոնարհ Հերոսներ»-ը: Օր մըն ա՛լ անպայման կը հասուննայ պահը, որ ընթերցէք Քաջազնունին: Երբ հասուննայ Քաջազնունիի մտածումներուն ծանօթանալու մթնոլորտը ու ամբողջական ունակութիւնը ձեռք ձգած ըլլաք՝ մարսելու ու բացատրելու այդ վերնագիրը ու անոր բովանդակութիւնը, անպայման անոր զուգահեռ պէտք է նաեւ ընթերցէ՛ք Ռուբէն Դարբինեանի՝ «Մեր Պատասխանը», եւ Վահան Նաւասարդեանի «ՀՅԴ Անելիքը» եւ Ս. Վրացեանի «Խարխափումներ»-ը:

Շարունակելով իր թելադրանքը խօսքը եզրափակեց յատուկ շեշտադրումով մը.

_ Նախ պէտք է ճաշակել Դաշնակցութեան կենսատու արգասիքներէն եւ բոլորովին հեռու մնալ «Ադամական արգիլեալ պտուղէն», չիյնալով փորձութիւններու սարդոստայնին մէջ, հեռու պահելով դուք ձեզ գայթակղութիւններու սերմնացաններէն: Պէտք է վանել ամէն երեւոյթ, որ Դաշնակցական մարդը շնորհազուրկ կը դարձնէ, սանձելով դէպի մոլորեցուցիչ գրականութիւններու առաջնորդող բոլոր ճանապարհները:

Օրին հասկնալով ու բաժնելով ընկ. Արշակին մտահոգութիւնները, այսօրուան դասիարակչական հայեցակարգով փոխանակ արգիլելու եւ «մեղաւոր պտուղի» հանգամանքով ներկայացնելու Քաջազնունիի գործը, անձնապէս պիտի թելադրէի երիտասարդ Դաշնակցականին կարդալ այդ գիրքը, ապա մօտենալ պատասխանատու վարիչին եւ ուղղել քննական հարցադրումներ՝ ստանալով ուղղորդիչ պատախաններ: Մանաւանդ հաշուի առնելով, որ նոր ժամանակներու տեղեկութիւններու տիրապետումը չէ սահմանափակուած կառուցուած գրադարաններու նեղ սահմաններու ուրուագիծին մէջ:

Փաստօրէն, նոյնի՛սկ այդ նուրբ հարցերը, երբ ժամանակի թաւագլոր ընթացքով նոր պրիսմակէ կը դիտուին, այլ հանգամանքներ կ’աւելնան անոնց վրայ ու կրկին լուսարձակի տակ կ’առնեն ու կը գնահատեն տուեալ հարցերը՝ քննական եւ առարկայական նոր բացատրութիւններով ու վերստին արժեւորելով պատմական տուեալ եղելոյթները:

Այսպէս, հակառակ Սովետական բռնազբօսիկ կարգերուն, Սովետական Հայաստանի մէջ արարելով, Քաջազնունի ներկայացուց եւ պահեց Դաշնակցական գործիչի վայել վեհութիւնը, ազգային գերխնդիրներու ամրօրէն փարելով, հակառակ իր ատենոյ տիրող գաղափարներու խարխափումներուն: Ան նուիրականացուց գերազանց հայ քաղաքական գործիչին փաստը իր մասնագիտութեան ու ծառայութիւններուն ընդմէջէն՝ անսակարկ նուիրուելով հայրենիքի վերաշինութեան աշխատանքին: Անձնուրացութեան եւ հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեան լաւագոյն օրինակը կը կայանայ իր երկու մանչ զաւակներուն հայրենիքի փրկութեան մարտերու բագինին առաջ մատաղ ներկայացնելու, իսկ երրորդին ալ պատերազմական կալանաւոր դառնալու հանգամանքներուն մէջ։

Սովետական համակարգը, ինչպէս սովոր էր, շատ լաւ ձեւով օգտագործեց «Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի» գրքոյկին խորագիրը, դիտաւորեալ կերպով նենգափոխելով անոր տուն տուող պատճառները եւ չարամտութեամբ եղծելով խորագիրը, վրան աւեցնելով «ԱՅԼԵ՛ՒՍ» մակբայը, եւ ամէն առիթով եղկելի միջոցներով, գձուձ հնարքներով անճիտել փորձելով Քաջազնունիի անբասիր հայրենասիրութիւնը, բաւարարութիւն տալով Չեկայական ամբարիշտ ծրագիրներուն:

Աւելի ուշ, Քաջազնունի իր մտերիմներուն ու կարգ մը ընտանեկան պարագներուն յայտնեց, որ այդ գրքոյկը պէտք չէ գրեր, սակայն պնդեց ու անդրադարձաւ իր Սովետական Հայաստան վերադարձի իրաւացիութեան, ուր պէտք էր հաստատուէր ու ապրէր հայրենիքի հողին ու երկնքին ջերմութեամբ, իր հարազատ ընտանիքի անդամներուն հետ:

Այդ օրերուն, Վ. Նաւասարդեան «Յուսաբեր»-ի մէջ ստորագրած մէկ խմբագրականով կը հաստատէր որ «Կեանքը կուգայ վկայելու, որ Դաշնակցութեան գերեզմանը կը փորէ այն ուժը միայն, որ յարութիւն կու տայ անոր հալածական գաղափարներուն: Ու քանի դեռ այս չէ եղած, ուրեմն պիտի ապրի՛ եւ պիտի մնա՛յ ինքը Դաշնակցութիւնը՝ իր իսկ ձեռքերով իրագործելու համար հայութեան դարաւոր Երազը»:

Հակառակ սադրիչներու դաւադիր նենգութիւններուն, որոնք հակադաշնակցական ջաղացքին իբր «Մանիֆեստ» կը գործածեն Քաջազնունիի ցասկոտ գրութիւնը, վերջին տարիներուն, ականտեսը կ’ըլլանք Դաշնակցական ընտանիքի, գործիչներու բազում ելոյթներուն ու ակտերուն, որոնք անգամ մը եւս կու գան վերականգնել Քաջազնունիի Դաշնակցական գործիչի փառահեղ անցեալը, լուսարձակի տակ առնելով հայ պետական այրի պայծառ դիմագիծը:

Վերջապէս, ընկ. Արշակ Տանակէօզեանի ատենօք արտայայտած մտածումները իրենց վաղեմիութեամբ չեն կորսնցուցած այժմէական թելադրանողականութիւնը, որովհետեւ իր խօսքերուն միտք բանին Դաշնակցական պատանին ուղղորդել էր կուսակցական առողջ գիծով:

Նման անժամանցելի եւ գիտակ Դաշնակցական դաստիարակներու շունչը եւ անոնց ազդեցիկ եւ ուղղորդիչ ներկայութիւնը թող հանապազօրեայ հացի եւ մասունքի նման առատ ըլլան մեր հանրային կեանքին մէջ:

Ն. Աղբալեան առիթով մը կ’ըսէր. «Պատմութեան ձեռքը հարցումներ կը դնենք, որոնց պէտք է պատասխան տանք»:

Ահաւասիկ վերեւի գլխաւոր հարցադրումներուն այս օրերու պատասխանը.

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը աներկբայօրէն արարուած է ամէն ժամանակներու համար՝ Ե՛ՒՍ ԸՆԵԼԻՔ ունենալու առաքելութեամբ, յանուն ազգի ու հայրենիքի, որովհետէւ ՀՅԴ-ն ապրում է, կենցաղ է, մշտանորոգ անկորնչելի խորհուրդ է։ Իսկ յանձնառու Դաշնակցականները անտեղիտալիօրէն տէր են այդ հրամայականին:

Դաշնակցական Կենաց Ծառի արգիլեալ պտուղներն անգամ վիժող արգանդի եւ ցամաք ստինքներու արտադրանքը չեն, այլ կենսատու վերանորոգ աւիշներ են, որոնք ե՛ւս կ’ոռոգեն Դաշնակցականի հոգեմտաւոր գանձատունը:

Ամէն օր առաւելի՛ Դաշնակցականանալու պարտաւորութիւնը ունինք:

 

Ժան Հալլաճեան

Թորոնթօ