image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիա-ՆԱԹՕ ուղիղ բախման սպառնալիքը երբեք այսքան իրական չէ եղած. Մետվետեւ

Ռուսիա-ՆԱԹՕ ուղիղ բախման սպառնալիքը երբեք այսքան իրական չէ եղած. Մետվետեւ

Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ ուղիղ բախման սպառնալիքը՝ երրորդ համաշխարհային պատերազմին անցումով,  երբեք այսքան իրական չէ եղած Քուպայի հրթիռային ճգնաժամէն ի վեր։ Ան այդ մասին գրած է իր թելեկրամեան ալիքին:

«Քուպայի հրթիռային ճգնաժամէն ի վեր Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ ուղիղ բախման սպառնալիքը, որ կը յանգեցնէ երրորդ համաշխարհային պատերազմի, երբեք այսքան իրական չէ եղած»,- գրած է ան։

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը բռնանքի կ՚ենթարկէ Քոնկրեսը, որ Ուքրանիոյ համար ռազմական օգնութեան նոր փաթեթ յատկացուի:

Մետվետեւի խօսքով՝ «Պայտընի վարչակազմն ու Ուքրանիոյ իշխանութիւնները, բնականաբար, կը ստանան գումարը, որ ամէն գնով շարունակեն առեւտուրը պատերազմի ժամանակ»։

«Եւ այս գումարի համար արեան նոր գետեր կը հոսին, որոնց պատասխանատւութիւնը կը կրէ Պայտըններու ընտանիքը եւ անոնց աւազակախումբի սրիկաները»,- գրած է ան։