image

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում Ապու Տապիի մէջ. Քննարկուած է իրական խաղաղութեան տեսանելիութիւնը

Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում Ապու Տապիի մէջ. Քննարկուած է իրական խաղաղութեան տեսանելիութիւնը

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւ Ապու Տապիի մէջ հանդիպման ընթացքին ողջունած են Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հիւրընկալութեամբ եւ վկայութեամբ կայացած Խաղաղութեան գագաթնաժողովի պայմանաւորուածութիւններու կատարման գործին մէջ արձանագրուած առաջընթացը: Անոնք նշած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի դրական առաջընթացի պահպանման եւ առաջմղման կարեւորութիւնը՝ երկկողմ ձեւաչափով:

Ինչպէս կը տեղեկանանք ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութենէն, կողմերն ընդունած են, որ երկու հասարակութիւններն ալ ականատես կ՚ըլլան խաղաղութեան իրական օգուտներուն՝ առօրեային մէջ։

Անոնք գոհունակութիւն յայտնած են երկկողմ առեւտուրի մեկնարկի եւ Ատրպէյճանէն Հայաստան նաւթամթերքի շարունակական արտահանման, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներէն հացահատիկի եւ այլ ապրանքներու տարանցման իրականացման կապակցութեամբ՝ Ատրպէյճանի տարածքով դէպի Հայաստան:

Կողմերը համաձայնած են շարունակել ուսումնասիրել երկկողմ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւնները։

Անոնք նաեւ ողջունած են քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու փոխադարձ այցելութիւնները եւ համաձայնած են վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու ընդլայնման անհրաժեշտութեան հարցով։

Վարչապետ Փաշինեանը եւ նախագահ Ալիեւը քննարկած են TRIPP-ի եւ այլ ենթակառուցուածքներու նախագիծերու իրականացումը։

Հայաստանի վարչապետը եւ Ատրպէյճանի նախագահը վերահաստատած են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ շարունակելու աշխատանքը երկու երկիրներու միջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան հետագայ ամրապնդման ուղղութեամբ եւ համաձայնած են պահպանել շփումները՝ երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին աջակցելու նպատակով։

Նշենք, որ այսօր, Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։

«Դէմ առ դէմ» հանդիպման նախորդած էր պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը, որուն հայկական կողմէն մասնակցած էին ՀՀ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը, Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը, Ազգային Ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանը։

Ատրպէյճանական կողմէն հանդիպման մասնակցած են Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւը, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը, Ատրպէյճանի նախագահի արտաքին քաղաքական հարցերով օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը, Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպայովը։

Նիկոլ Փաշինեանը եւ Իլհամ Ալիեւը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ ժամանած են փետրուար 4-ին՝ ստանալու «Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան 2026 թուականի մրցանակը։

ՀՀ վարչապետ Փաշինեանը ճանչցուած է «Զայէտ» մարդկային եղբայրութեան 2026 թուականի մրցանակակիր՝ ի նշանաւորումն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան հաստատման, տարածաշրջանին մէջ համագործակցութեան եւ կայունութեան ապահովման օրակարգը հետեւողականօրէն առաջ մղելու համար։

Նոյն մրցանակին Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի արժանանալը կ՚ընդգծէ խաղաղութեան առաջմղման համար համատեղ ջանքերը։