Փաքիստանը միշտ աջակցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան։ Այս մասին յայտարարած է Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ Պաքուի մէջ կայացած բանակցութիւններու արդիւնքներով։
«Մենք միշտ միանշանակ ճանչցած ենք Ատրպէյճանի ինքնիշխանութիւնը Ղարաբաղի նկատմամբ։ Ձեր բանակը, հերոսաբար կռուելով, ազատագրեց Ղարաբաղը, վերականգնեց երկրի տարածքային ամբողջականութիւնը։ Փաքիստանը միշտ աջակցած է Ատրպէյճանին։ Այդ մեր եղբայրական պարտքն էր, մեր պարտաւորութիւնը, եւ մենք ատոնք կատարեցինք»,-ըսած է ան։
Փաքիստանի վարչապետը վերահաստատած է, որ իր երկիրը չունի դաւանագիտական յարաբերութիւններ Հայաստանի հետ։
«Ուրախ եմ, որ Հայաստանի հետ խաղաղ համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւններն արդէն կ'ընթանան։ Ինչպէս գիտէք, Փաքիստանն այն երկիրներէն է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չէ հաստատած Հայաստանի հետ, եւ այդ մեր բարոյական պարտքն է։ Միայն երբ դուք խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքէք Հայաստանի հետ, այն ատեն մենք կրնանք կրկին վերանայիլ այս հարցը ձեր համաձայնութեամբ։ Մենք միանշանակ կ'աջակցինք Ատրպէյճանին նաեւ այս հարցով»,-ըսած է Շահպազ Շարիֆ։