image

«Հայաստանը պայծառ կէտ պիտի դառնայ եւ մենք ձեզի զօրավիգ ենք». Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպան

«Հայաստանը պայծառ կէտ պիտի դառնայ եւ մենք ձեզի զօրավիգ ենք». Հայաստանի մէջ Ամերիկայի դեսպան

Հայաստանը տարածաշրջանին մէջ պիտի դառնայ պայծառ կէտ. այդ մէկը մենք նկատեցինք Freedom House-ի անցեալ շաբաթ հրատարակած «Անցումային պետութիւններ» զեկոյցին մէջ։ Միացեալ Նահանգները այս ճանապարհին ձեր կողքին է դէպի աւելի բաց, աւելի հաշուետու, բարեկեցիկ եւ աւելի անվտանգ ապագայ:

«Ժողովրդավարութեան հայկական ֆորում»-ի  ժամանակ յայտարարած է ՀՀ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քուինը.

«Մենք քայլեր կը ձեռնարկենք վերացնելու խտրականութիւնը եւ կը խթանենք հասարակութիւն մը, ուր կը յարգուին բազմազանութիւնը եւ հասարակութեան բոլոր անդամներու իրաւունքները՝ անկախ անոնց կարգավիճակէն, դիրքէն։

Միացեալ Նահանգները կ'աջակցի ձեր ջանքերուն՝ պայքարելու փտածութեան դէմ, ամրապնդելու իրաւունքի գերակայութիւնը, որ պիտի մեծցնէ հասարակութեան վստահութիւնը ժողովրդավարական գործընթացներու նկատմամբ։

Մենք միասին կ'աշխատինք մամուլի ազատութիւնը խթանելու ուղղութեամբ եւ ապահովելու տեղեկատւութեան ազատ հոսքը, խօսքի ազատութիւնը։

Մենք նաեւ կը կառուցենք աւելի դիմակայուն հիմքեր ժողովրդավարութեան համար՝ խթանելով քաղաքացիական կրթութիւնը եւ խրախուսելով Հայաստանի ամուր քաղաքացիական հասարակութեան առաւել աշխուժ ներգրաւուածութիւնը։

Միասին կրնանք յաղթահարել մարտահրաւէրները, կերտել ապագայ, ուր ազատութիւնը, արդարութիւնը եւ ժողովրդավարութիւնը կը գերակայեն», -յայտարարած է դեսպան Քուինը։