image

Վրաստան զօրավիգ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին. Հայաստանի եւ Վրաստանի ԱԺ նախագահները հանդիպեցան Դիլիջանի մէջ

Վրաստան զօրավիգ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին. Հայաստանի եւ Վրաստանի ԱԺ նախագահները հանդիպեցան Դիլիջանի մէջ

ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի հրաւէրով աշխատանքային այցով Հայաստան է ժամանած է Վրաստանի խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ԱԺ պաշտօնական կայքէն։

Հայաստանի եւ Վրաստանի խորհրդարաններու նախագահներու` Դիլիջանի մէջ կայացած հանդիպումը մեկնարկած է առանձնազրոյցով, որուն յաջորդած է ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Ողջունելով գործընկերը` ՀՀ ԱԺ նախագահը շնորհաւորած է եղբայրական Վրաստանը Եւրոմիութեան թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստանալու կապակցութեամբ եւ նշած, որ այդ կարեւոր իրադարձութիւն է ամբողջ տարածաշրջանի համար:

Ալեն Սիմոնյանն ընդգծած է, որ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու խորացումը Հայաստանի համար ռազմավարական նշանակութիւն ունի եւ յոյս յայտնած, որ մօտ ապագային կը յաջողուի երկու երկիրներու միջեւ հաստատել ռազմավարական գործընկերութիւն:

Անդրադառնալով տնտեսական ոլորտի մէջ արդիւնաւէտ փոխգործակցութեան` Ալեն Սիմոնեանը կարեւորած է այն հանգամանքը, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնն ու տնտեսական կապերը կը շարունակեն վերելք ապրիլ: Այս ծիրէն ներս խորհրդարանի ղեկավարը խօսած է Վերին Լարսի անցակէտին վրայ տարբեր պատճառներով հանդիպող խնդիրներու մասին եւ գոհունակութեամբ ընդգծած տարանցումը դիւրացնելուն ուղղուած վրացական կողմի ջանքերը: Վրաստանի խորհրդարանի նախագահն իր հերթին հաւաստիացուցած է, որ վերջին շրջանին այս ուղղութեամբ բաւականին դրական գործընթացներ իրականացուած են:

Ալեն Սիմոնեանն անդրադարձած է տարածաշրջանային անվտանգութեանն ու մարտահրաւէրներուն եւ վերահաստատած, որ Հայաստանը կը շարունակէ հաւատարիմ մնալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելու օրակարգին: Անդրադառնալով Հայաստանի ներկայացուցած «Խաղաղութեան խաչմերուկ»ին` Ալեն Սիմոնեանն առաջարկած է Վրաստանին միանալ այս նախագիծին:

«Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւնների բարձր մակարդակը Հարաւային Կովկասում անվտանգութեան ապահովման կարեւոր գործօններից է: Բարձր ենք գնահատում Վրաստանի հետաքրքրուածութիւնը եւ ջանքերը տարածաշրջանում խաղաղութիւն ու կայունութիւն հաստատելու գործում: Վրաստանի կառավարութեան «Խաղաղ հարեւանութիւն» նախաձեռնութիւնը միտուած է հենց այս նպատակին»,- փաստած է ԱԺ նախագահը:

Խորհրդարանի նախագահը գոհունակութեամբ փաստած է հայ-վրացական բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութեան շարունակական զարգացումը, անդրադարձած է խորհրդարանական ձեւաչափին մէջ բարեյաջող գործակցութեան` նաեւ յանձնաժողովներու ու բարեկամական խումբերու մակարդակով:

Երկկողմ յարաբերութիւններու առումով ՀՀ ԱԺ նախագահը շնորհաւորած է կողմերը օրերս Ռուսթավի մէջ Հայաստանի պատուաւոր հիւպատոսութեան բացման կապակցութեամբ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով հրաւէրի համար` Շալվա Փափուաշվիլին գոհունակութեամբ ընդգծած է երկկողմ խորհրդարանական համագործակցութեան ձեւաչափի արդիւնաւէտութիւնը: Քննարկուած են խորհրդարանական յանձնաժողովներու եւ աշխատակազմերու միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման հնարաւոր նոր ձեւաչափերը:

Անդրադառնալով տարածաշրջանային խնդիրներուն` Վրաստանի խորհրդարանի նախագահն ընդգծած է, որ իրենք կ՚աջակցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման, որ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ կայունութեան եւ զարգացման երաշխիք կրնայ ըլլալ:

Հանդիպման միտքեր փոխանակուած են Ատրպէյճանի մէջ գտնուող հայ գերիներու անյապաղ վերադարձի շուրջ: