image

Պէյրութի մէջ. Հայ Աւետարանական Վարժարանը արդիական գրադարանով օժտուեցաւ 

Պէյրութի մէջ. Հայ Աւետարանական Վարժարանը արդիական գրադարանով օժտուեցաւ 

Օրերս, Պէյրութի մէջ, տեղի ունեցած է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի նորոգուած գրադարանի բացման արարողութիւնը, որ կարելի դարձած է նուիրատուութեամբ տէր եւ տիկին Շարլ եւ Քարլա Եարտըմեան-Հաժի ամոլին եւ Եարտըմեան ընտանիքին:

Գրադարանը կրեց հանգուցեալ Լենա Եարտըմեանին անունը։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Ստորեւ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ՝

Ազգային կեանքին մէջ տալու խորհուրդը,  մանաւանդ` հայկական վարժարանի մը, ինքնին անխառն երջանկութիւն մըն է թէ՛ նուիրատուին եւ թէ՛ ստացողին (այս պարագային` հայ դպրոցին, հայ աշակերտին): Արդարեւ, կրնանք արդարօրէն բարձրաձայնել, որ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի կեանքը կը ճոխանայ իր շրջանաւարտներով եւ բարեկամներով:

Կիրակի, 29 դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն տեղի ունեցաւ վարժարանի նորոգուած գրադարանի բացման արարողութիւնը: Այս մէկը կարելի դարձաւ առատաձեռն նուիրատուութեամբ տէր եւ տիկին Շարլ եւ Քարլա Եարտըմեան-Հաժի ամոլին եւ Եարտըմեան ընտանիքին:

Գրադարանը կրեց հանգուցեալ Լենա Եարտըմեանին անունը, որպէսզի անոր յիշատակը վառ մնայ դպրոցի կեանքին մէջ, ուր ան ծաւալած է անխոնջ գործունէութիւն:

Բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առաւ դպրոցի տնօրէն Մարալ Տէկիրմէնճեան, որ անդրադարձ կատարեց Եարտըմեան ընտանիքի անուան, որ սերտօրէն առնչութիւն ունեցած է Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի առաքելութեան եւ կեանքին հետ:

«Լուսահոգի տիկին Լենա Եարտըմեան երկար տարիներ ծառայած է իբրեւ ծնողական յանձնախումբի ատենապետուհի: Ան հետեւողականօրէն կապ կը հաստատէր տնօրէնութեան հետ ու կը հետաքրքրուէր դպրոցի առօրեայով եւ միշտ քաջալերական խօսքերով կը խրախուսէր զիս: Իսկ Հայկազ Եարտըմեան հոգաբարձութեան կազմի աշխուժ անդամ եղած է աւելի քան 30 տարի: Ինչպէս նաեւ անոր զաւակը` Հրաչը եւ կինը` Միրան, ծառայած են եւ կը շարունակեն ծառայել մեր հաստատութեան` որպէս հոգաբարձուներ», դիտել տուաւ ան:

Մ. Տէկիրմէնճեան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս սկիզբ առաւ գրադարանի նորոգութիւնը: «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող Middle States Association of Colleges & School Accreditation կազմակերպութեան կողմէ մեր վարժարանի accreditation-ի գործընթացին մէջ գրադարանի նորոգութիւնը անհրաժեշտ նկատած էինք` որպէս մեր նպատակներէն մէկը, սակայն ոեւէ նուիրատու չունէինք: Զուգադիպութեամբ մը Հայկազ Եարտըմեանը եւ իր դուստրը` Քարլան,  այցելութիւն մը տուած էին տնօրէնութեան եւ` իրենց փափաքը յայտնած, որ կ՛ուզէին  Լենային յիշատակին ունենալ վայր մը դպրոցէն ներս: Ուրախութեամբ յայտնած էի իրենց, թէ այս ծրագիրը ունէինք եւ իրենք անմիջապէս իրենց համամտութիւնը յայտնելով` ընդառաջեցին մեր ծրագրին:

«Սրտանց շնորհակալ ենք Շարլ եւ Քարլա Հաժ ընտանիքին, ինչպէս նաեւ` Եարտըմեան ընտանիքին, որոնք առատաձեռնութեամբ կատարեցին գրադարանի նորոգութիւնը եւ դարձուցին գրադարանը գեղեցիկ եւ սերտելու հաճելի վայրի մը»:

Տնօրէնը շնորհակալական իր խօսքը ուղղեց նաեւ Եղիկ Թորոսեանին, որ վերահսկած էր նորոգութեան աշխատանքներուն եւ իր լաւագոյնը կատարած` գրադարանը գրաւիչ վայրի մը վերածելու: Գիրքերու ընտրութիւններու եւ տեղաւորման մէջ մեծ դեր ունեցած էին Թամար Կիւմիւշեանը եւ Ռիմա Չոլագեանը, որոնց եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ան:

Ապա Հայկազ Եարտըմեան ընտանիքին կողմէ իր սրտի խօսքը արտասանեց` անդրադառնալով Լենա Եարտըմեանի գործունեայ մասնակցութեան` որպէս ատենապետուհիի ծնողաց յանձնախումբին: Ան յիշեց նաեւ, թէ որպէս կորովի շրջանաւարտ սոյն վարժարանին` հպարտ կը զգայ, որ վարժարանը ունեցած է իր 102 տարիներու ընթացքին 2000 շրջանաւարտէ աւելի հունձք, որոնք կը ծառայեն տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանի, ինչպէս նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ:

Խօսք առաւ նաեւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան եւ գովեստով արտայայտուեցաւ Եարտըմեան ընտանիքի նուիրումին մասին:

Այս գեղեցիկ պահը եզրափակուեցաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի նախագահի տեղապահ, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի սրտի խօսքով եւ առաքելական օրհնութեան աղօթքով:

Ներկաները ուղղուեցան Ջանից սրահ ունենալու հաղորդական պահ մը` հիւրասիրութեան սեղանի շուրջ:

Կը մաղթենք, որ նորոգուած գրադարանը ըլլայ ուսման եւ զարգացման դարբնոց մը` մեր սիրելի աշակերտներուն համար: