Օրերս Պոլսոյ մէջ իր մահկանացուն կնքած է համայնքի աւագ սերունդի անդամներէն ՝ Շաքէ Սիմքէշեան։
Տխրունիին մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա» պարբերականէն։
Ստորեւ տրուած ամփոփ մահագրութիւնը՝
Ցաւով կը հաղորդենք, որ պատկառելի տարիքին մէջ իր մահկանացուն կնքած է վաստակաշատ կրթական մշակ, հայրենասիրական արժէքներով տոգորուած հայուհի՝ տիկին Շաքէ Սիմքէշեան։
Տիկին Սիմքէշեան երկար տարիներ ծառայեց հայ դպրոցին եւ մեր մայրենին աւանդելու սրբազան գործին։ Իր սրտի ջերմութեամբ ու մանկապարտեզպանուհիին նուիրումով ան եղաւ առաջին դաստիարակը բազմաթիւ սաներու, որոնցմէ շատեր հետագային դարձան համայնքային ծառայութեան սիւներ՝ շարունակելով այն արժէքները, զորս ան կը սերմանէր իրենց մատղաշ տարիքին։
Եղաւ նաեւ օրինակելի մայր եւ մեծմայր՝ ամուր հիմերու վրայ կառուցելով իր ընտանեկան բոյնը՝ շաղախուած ազգային գիտակցութեամբ ու հայեցի դաստիարակութեամբ։ Իր զաւակներու եւ թոռնիկներու կեանքին մէջ ցանած կրթութեան եւ ինքնութեան սերմերը դարձան բարոյապէս առաջնորդող լոյս՝ անոնց ապագայի քայլերուն մէջ։
Ողբացեալը, իր աշխատանքային հարուստ կենսագրութեան վերջակէտը դնելէ ետք ալ, շարունակեց վայելել սէր եւ յարգանք՝ իր նախկին աշակերտներու, ծնողներու, գործընկերներու եւ համայնքի բոլոր խաւերու կողմէ։
Ցաւակցութիւն կը յայտնենք իր սիրեցեալ որդիներուն՝ Գէորգ եւ Վաղարշակ Սիմքէշեաններուն, անոնց կողակիցներուն, թոռնիկներուն, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս ընտանեկան բոլոր մերձաւորներուն։
Ընտանեկան մահազդը պիտի հրատարակուի անջատաբար