image

Հոգեւոր կերակուրի համեմունքներ

Հոգեւոր կերակուրի համեմունքներ


Աղօթքը ներաշխարհով հարստանալու միջոց է։

Աղօթքը երկինք հասցէագրուող  հեռագիր է։

Աղօթքը հոգեւոր կեանքի կրթարանն է։

Աղօթքը երկնային օրհնութիւն հնձելու եւ աստուածային օգնութիւն ստանալու առիթ է։

Եկեղեցւոյ արարողական կեանքին ջերմեռանդ հոգիով մասնակցողը կը հաստատէ թէ Աստուծոյ ընտանիքին հարազատ անդամն է։

 

Միտքը խոհանոց է

Խոհեմութիւնը խոհարար

Ապրումները համեմունք

Բառերը սպասարկող 

Արտայայտութիւնները ճաշատեսակ։

 

Ժամանակը առիթներու ցուցակ է։

Ժամանակ վատնելը` առիթ կորսնցնելու դրդապատճառ։

Ժամանակ տրամադրելը` առիթ տալու կամեցողութիւն։

Ժամանակաւոր արժէքներ նախընտրելը` կեանքը սահմանափակելու տրամադրութիւն։

 

Ժպիտը կեանքի պատկերը գեղեցկացնելու արուեստն է։

Խիղճին ձայնը կեանքը դպրոցին անլռելի զանգն է։

Արդարութեան կանչը սխալը սրբագրելու հրաւիրող ճիչն է։

Սիրոյ օրէնքը մարդավայել կեանքի առաջնորդող բարոյական չափանիշն է։

 

Երբեմն երեւոյթով կը խաբուինք, քանի խորաթափանց ձեւով դիտելու հմտութիւնը չունինք։

Խօսքի աղմուկը խանգարիչ է, իսկ բարի գործին վկայութիւնը` տպաւորիչ։

Պերճախօս է ստախօսը, բայց ոչ վստահելի։ ԱՆ կրնայ համոզելու շատ միջոցներ ունենալ, հնարամիտ ձեւերով օրինակներ տալ, սակայն ընդմիշտ  "սիրտ շահելու" դրամագլուխէն զրկուած կը մնայ։

 

Աղօթքը ներաշխարհով հարստանալու միջոց է։

Աղօթքը երկինք հասցէագրուող  հեռագիր է։

Աղօթքը հոգեւոր կեանքի կրթարանն է։

Աղօթքը երկնային օրհնութիւն հնձելու եւ աստուածային օգնութիւն ստանալու առիթ է։

Եկեղեցւոյ արարողական կեանքին ջերմեռանդ հոգիով մասնակցողը կը հաստատէ թէ Աստուծոյ ընտանիքին հարազատ անդամն է։

 

Յաջողութեան դռան բանալին աշխատասիրութիւնն է։

Ուրախութեան դռան բանալին յոյսն է։

Վտահութեան դռան բանալին անկեղծութիւնն է։

Արքայութեան դռան բանալին խաչն է։

Սիրոյ դռան բանալին անձնուրացութիւնն է։

 

Կարդալով միտքը կը զարգանայ։

Սերտելով գաղափարը կը բիւրեղանայ։

Վերլուծելով մտահորիզոնը կը պայծառանայ։

Ուսումնասիրելով մտապաշարը կը հարստանայ։

Գիրքերու աշխարհով մարդը  պայծառատես կը դառնայ։

 

Շատ խօսելով քիչ բացատրելը ժամավաճառութիւն է։

Շատ խօսելով բնաւ չբացատրելը  դատարկաբանութիւն է։

Շատ խօսելով  շատ բացատրելը մասնակի չափաւորութիւն է։

Քիչ խօսելով շատ բացատրելը իւրայատկութիւն է։ 

 

Հաւատքի աստուածգիտութեան քարտէսն է։

Յոյսը աստուածճանաչութեան ուղեցոյցն է։

Սէրը աստուածամերձ կեանքի ճանապարհն է։

Առաքինութիւնը աստուածահաճոյ ապրելակերպի պատկերն է։

 

Հնազանդութեամբ Աստուծոյ կամքը կ`իրագործենք։

Համբերութեամբ Աստուծոյ խոստումին կատարումը կը սպասենք։

Հաւատարմութեամբ ուխտապահ երթով մեղքին դէմ պայքար կը մղենք։

Խոնարհութեամբ Քրիստոսի նմանելու ուղին կը գտնենք։

Եկեղեցւոյ առաքելութեամբ դէպի "Վերին Երուսաղէմ" մեր ուխտագնացութիւնը կը շարունակենք։ 

 

Խորէն Քհնյ.Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն  քհնյ. Պէրթիզլեան

Տ. Խորէն քհնյ. Պէրթիզլեան

Ծնած է Հալէպ 1982ին։ Յաճախած է Ազգային Մեսրոպ...