Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի նահատակութեան 110-րդ տարելիցին առիթով, օրերս, Պէյրութի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, գոհաբանական աղօթքի երեկոյ եւ հանդիսաւոր թափօր-ջահերթ կատարուած է, նախաձեռնութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։
Ստորեւ՝ թղթակցութիւնը ամբողջութեամբ։
Նախաձեռնութեամբ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան եւ կազմակերպութեամբ Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, չորեքշաբթի, 11 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ, գոհաբանական աղօթքի երեկոյ եւ հանդիսաւոր թափօր-ջահերթ կատարուեցաւ Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի «ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏՔԵՐՈՎ» նահատակութեան 110-րդ տարելիցին առիթով:
Աղօթքի երեկոն սկիզբ առաւ տեղւոյն ժողովրդապետ Սահակ վրդ. Քէշիշեանի ողջոյնի խօսքով, որուն մէջ ան խնդրեց իր հօտէն, անդադար Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի բարեխօսութիւնը խնդրել: Տէրունական աղօթքէն ետք Զմմառու մայրավանքի փոխմեծաւոր Նարեկ վրդ. Լուիսեան գոհաբանական աղօթք բարձրացուց առ Աստուած եւ ս. հաղորդութեան սրբալոյս Ճաճանչով օրհնեց ներկաները: Ապա ցուցադրուեցաւ Զմմառու ժառանգաւորներուն կողմէ պատրաստուած Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի վարքը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Օրուան պատգամը յղեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու մայրավանքի մեծաւոր Մաշտոց թ. ծ. վրդ. Զահթէրեան, որ ներկայացուց Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի կոչման, քահանայութեան, նահատակութեան եւ սրբութեան կարեւոր փուլերը: Ան ըսաւ. «Մալոյեան արքեպիսկոպոս` ի տես ընդվզող հօտի սանձազերծմանը, ճիգերու գերագոյն լարումով փորձեց կանխել խլրտումները, որոնք արիւնահեղութեամբ կրնային աւարտիլ: Ան թրքական հակամարտութեան բռնկումը մեղմելու միտումով բանակցութիւններ վարեց իշխանութեան հետ եւ որպէս խաղաղարար` թրքական կառավարութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ»: Ան դիտել տուաւ, որ աակայն այդ մէկը երբեք ուրախութեան առիթ չհանդիսացաւ արքեպիսկոպոսին, ան քաջատեղեակ էր Օսմանեան կայսրութեան ծրագիրին եւ այդ Գողգոթայի ճանապարհը ինք եւս իր վառ օրինակին` Յիսուս Քրիստոսի հետ քալեց»: Զմմառու մեծաւորը աւելցուց. «Այս բոլոր նախադրեալները հայ հոգեւորականը փորձեց զսպել եւ իր հօտը հեռու պահել սպանդէն, սակայն թրքական ծրագրին դէմ ի զուր էին արքեպիսկոպոսի ջանքերը: Անոնք ոչ միայն չանսացին առաջնորդին միջամտութեանը, այլեւ զինք եւս ամբաստանեցին կայսրութեան դէմ յեղափոխելու մեղադրանքով, որուն հետեւանքը եղաւ Մալոյեանի ողբերգական նահատակութիւնը»: Գերապայծառը աւարտեց իր պատգամը` ըսելով. «Ան իր նահատակութենէն 110 տարիներ ետք վերընձիւղեց իր այնքան սիրած ժողովուրդն ու փայփայած Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութիւնը»:
Շնորհք խնդրելու աղօթքէն ետք, բոլորը միասնաբար թափօրով շրջեցան Պուրճ Համուտի թաղերը` վերադառնալով Մեսրոպեան վարժարան, ուր Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի սրբապատկերով օրհնութիւն կատարուեցաւ, եւ անոր ձեռաց խաչին ու շուրջառի մասունքի համբոյր տրուեցաւ:
Թափօրը ջահերթով առաջնորդեցին` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը, Սուրբ Մեսրոպի արիներն ու ՀԿՄ-ի երիտասարդականը: