ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ հնարաւոր համարած է Իրանի մէջ իշխանութեան փոփոխութեան հնարաւորութիւնը, հակառակ որ քաղաքանապէս այդպէս ըսելը ճիշդ չի համարեր։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին ան գրառում կատարած է իր Truth Social հարթակին վրայ։
«Քաղաքականապէս ճիշդ չէ «վարչակարգի փոփոխութիւն» եզրը գործածելը։ Բայց եթէ ներկայիս վարչակարգը չի կրնար Իրանը կրկին հզօր դարձնել, ապա ինչո՞ւ վարչակարգի փոփոխութիւն տեղի չունենայ», - գրած է ան։
Հրապարակման աւարտին Թրամփ գրած է MIGA (Make Iran great again՝ «Իրանը կրկին հզօր դարձնենք» կարգախօսը, որ կը յիշեցնէ անոր սեփական նախընտրական կարգախօսը՝ MAGA (Make America great again)՝ «Ամերիկան կրկին հզօր դարձնենք»։
Աւելի վաղ ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսը եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն վստահեցուցած էին, որ Իրանին ԱՄՆ վերջին հարուածներն ուղղուած են բացառապէս անոր միջուկային ծրագրի դէմ եւ իշխանութեան փոփոխութեան նպատակ չեն հետապնդեր: