image

Հալէպ. ՀԲԸՄ-ի Վարժարանը աշակերտական կառք մը նուէր ստացաւ

Հալէպ. ՀԲԸՄ-ի Վարժարանը աշակերտական կառք մը նուէր ստացաւ

Հալէպի մէջ գոյատեւող հայկական վարժարաններուն  նեցուկ կանգնելու գործընթացը կը շարունակուի։ 

Այս առումով համոզիչ լուր մը ստացանք Հալէպէն, որ նաեւ արգասիքն է Հալէպի հայութեան հանդէպ առկայ ուշադրութեան եւ սիրոյն։

 Լուրին մէջ կը նշուի, որ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի «Լազար Նաճարեան, Գալուստ-Կիւլպէնկեան» Կեդրոնական վարժարանի ԱՄՆ-ի շրջանաւարտից վարչութիւնը վարժարանին նոր ինքնաշարժ մը նուիրած է:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ համացանցէն:

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Հալէպէն մեր շնորհակալութիւնները կը յղենք սիրելի' Լ.Ն.-Գ.Կ. Կեդրոնական վարժարանի ԱՄՆ-ի շրջանաւարտից վարչութեան՝ վարժարանիս նոր ինքնաշարժ մը նուիրելնուն կապակցութեամբ։

Դպրոցին նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հաւատարմութիւնն ու հոգատարութիւնը այն գլխաւոր երաշխիքն է, որուն վրայ յենած` վարժարանս կը շարունակէ իր թանկագին առաքելութիւնը։

ՀԲԸՄ-ի ԼՆ-ԳԿ Կեդր. վարժարանը հարուստ է իր շրջանաւարտներու փաղանգով։

Մեր ուժը մեր միութեան ու համագործակցութեան մէջ է։