Քիեւի վրայ ռուսական անօդաչու թռչող սարքերու եւ պալիսթեան հրթիռներու զանգուածային յարձակման հետեւանքով կան զոհեր: Այս մասին յայտնած է Ուքրանիոյ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութիւնը։
«Հրետակոծութենէն տուժած են Շեւչենքովսկի, Փոտոլսքի, Կոլոսեւսքի, Սվիաթոշինսքի, Սոլոմենսքի եւ Տարնիցքի շրջանները։ Նախնական տուեալներով՝ զոհուած է՝ 4, վիրաւորուած առնուազն 13 մարդ», -ըսուած է արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութեան յայտարարութեան մէջ։