image

Իսրայէլ կը հերքէ, որ Իրանեան երկինքէն «որսացուած» է արդիական կործանիչ F-35 մը

Իսրայէլ կը հերքէ, որ Իրանեան երկինքէն «որսացուած» է արդիական կործանիչ  F-35 մը

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը հերքած է Իրանի օդային տարածքին վրայ F-35 տեսակի կործանիչ խոցուելու մասին տեղեկութիւնները։

Այս մասին յայտնած է Իսրայէլեան բանակի մամուլի խօսնակը։ 

«Իսրայէլի բանակի մամուլի ծառայութիւնը կը հերքէ կործանիչի խոցման մասին տեղեկութիւնները»,-ըսած է խօսնակը։ 

Աւելի վաղ Իրանի պետական ​​IRIB հեռատեսիլային ալիքը հաղորդած էր, որ իրանական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը խոցած են Իսրայէլի եւս մէկ F-35 կործանիչ՝ Իրանի արեւմտեան մասին մէջ։ 

Իրանական Nour News գործակալութիւնն աւելի վաղ հաղորդած էր, որ իրանական զինուորականները գերեվարած են իսրայէլացի օդաչու։ 

Նշենք, որ իրանական լրատուամիջոցներ նախապէս յայտնած էին երկու այլ կործանիչի խոցման մասին, սակայն իսրայէլեան կողմն այդ տեղեկութիւնը եւս հերքած էր։